Նորարար Փորձառական Արուեստի Կեդրոն

Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնը (ՆՓԱԿ) (անգլ.՝ Armenian Center for Contemporary Experimental Art (ACCEA)), ժամանակակից արուեստի կեդրոն, փորձարարական եւ հանրային տարածք, որ կը նպաստէ արուեստագէտներու միջեւ փորձի փոխանակման եւ Հայաստանի մէջ արուեստի եւ մշակութային միջավայրի ձեւաւորման։ Հիմնուած է 1990-ականներուն՝ Եդուարդ եւ Սոնիա Պալասանեաններուն կողմէ[1]։

Նպատակներ եւ առաջնահերթութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Խրախուսել հայ նորարար արուեստագէտներու ազատ ստեղծագործականութիւնն ու արտայայտման հնարաւորութիւնը
  • Հովանաւորել եւ աջակցիլ արուեստի բնագաւառին մէջ նոր հորիզոններու ձգտման եւ նուաճման
  • Խրախուսել երիտասարդ, նոր արուեստագէտներու յայտնաբերումը եւ ապահովել անոնց տաղանդի դրսեւորման հնարաւորութիւնը
  • Ստեղծել հնարաւորութիւն փորձառական արուեստը ներկայացնելու ինչպէս Հայաստանի, այդպէս ալ արտասահմանեան հարթակներու վրայ
  • Հակազդել արուեստի շուկայականացման՝ շուկայական չափանիշները փոխարինելով ստեղծագործական առաջնահերթութիւններով
  • Ստեղծել համագործակցութիւն Սփիւռքի եւ Հայաստանի արուեստի համայնքներու միջեւ՝ հայկական արուեստի եւ գրականութեան զարգացման ու հովանաւորութեան նպատակով

ՆՓԱԿ-ը կը ներկայացնէ

  • Ժամանակակից փորձառական արուեստ եւ գրականութիւն
  • Փորձառական թատրոն, կինօ, վիտէօ-արուեստ եւ երաժշտութիւն
  • Ցուցահանդէսներու, փառատօներու, քննարկումներու, հրապարակումներու եւ կինոդիտումներու կազմակերպում

Կեդրոնը կը գտնուի Երեւանի Փաւստոս Բուզանդի 1/3 հասցէով։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Dzagnidze Baia։ «The Best Contemporary Art Galleries and Museums in Yerevan»։ Culture Trip։ արտագրուած է՝ 2020-08-19 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]