Նիլ Սայմըն

Նիլ Սայմըն
անգլերէն՝ Marvin Neil Simon
Neil Simon NYWTS.jpg
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Marvin Neil Simon
Ծնած է 4 Յուլիս 1927(1927-07-04)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Մահացած է 26 Օգոստոս 2018(2018-08-26)[5][3][6][…] (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7]
Քաղաքացիութիւն Flag of the United States.svg Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք Յուդայականութիւն
Ուսումնավայր Թիշչ արուեստի դպրոց
Տէյվիտ Քլինթըն բարձրագոյն վարժարան
Տենվըրի համալսարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Brighton Beach Memoirs?, Biloxi Blues?, Come Blow Your Horn?, Lost in Yonkers?, The Goodbye Girl? եւ The Odd Couple?
Մասնագիտութիւն թատերագիր, Հեղինակ, ժապաւէն արտադրող, երգերու հեղինակ, երգաթատերագիր, ձեռնարկատէր
Ամուսին Մարշա Մեյսոն?, Elaine Joyce?, Diane Lander? եւ Diane Lander?

Մարվին Նիլ Սայմըն (4 Յուլիս 1927(1927-07-04)[1][2][3][…], Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] - 26 Օգոստոս 2018(2018-08-26)[5][3][6][…], Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նիւ Եորք, Նիու Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7]) Ամերիկացի թատերագիր եւ գրագէտ։ Ծնած է Նիւ Եորք Ամերիկեան տնտեսական մեծ տագնապի օրերուն, ինչ որ բազմաթիւ դժուարութիւններ տուած է իր ապրելաձեւին, ընտանիքին աղքատութեան պատճառով։ Գրած է շուրջ 30 թատերական կտոր եւ 30 ֆիլմ։ Ոեւէ ուրիշ գրագէտէ մը աւելի արժանացած է Օսքարի եւ Թոնիի մրցանակներու թեկնածութեան: 17 անգամ Թոնի մրցանակի թեկնածու դարձած է եւ արժանացած՝ 3-ին։ 1966-ին Պրոտուէյի բեմերուն վրայ չորս յաջորդական յաջողութիւններ ձեռք բերած է, որուն իբրեւ արդիւնք ի պատիւ իրեն, բացուած է Նիլ Սայմընի Թատերասրահը Նիւ Եորքի մէջ։ 1983-ին միակ ապրող թատերագիրն էր, որ իր անունով թատերասրահ ունէր:

Իր առաջին թատերական կտորը եղած է Come Blow Your Horn-ը (1961), զոր ամբողջացուցած է 3 տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ 678 շարունակական Պրոտուէյի ներկայացումներ՝ արձանագրելով հսկայական յաջողութիւն։ Այդ յաջողութիւնը շարունակուած է 2 նոյնքան յաջող կտորներով՝ Barefoot in the Park (1963) եւ The Odd Couple (1965), որուն շնորհիւ արժանացած է Թոնի մրցանակի մը։ Այս յաջողութիւնը զինք դարձուցած է սիրուած եւ նշանաւոր թատերագիր մը Ամերիկացիներու սիրտին մէջ։

Ան իր յաջողութիւնը կը պարտի իր լուրջ եւ խորք ունեցող նիւթերուն, որոնք թեթեւ կատակերգական կամ սիրային դարձուածքով մը ներկայացուած կ'ըլլան յաճախ։

1991-ին Lost in Yonkers կտորին համար Սայմըն Pulitzer Prize for Drama-ի արժանանալէ ետք, քննադատներ կը սկսին հասկնալ որքան բարդ ընկերային եւ բարոյական հարցերու մասին կը գրէ Սայմըն. նիւթեր, որոնք ամէնէն շատ կը հետաքրքրեն աշխարհականները։ Ան ընդհանրապէս կ'արծարծէ հետեւեալ նիւթերը՝ ամուսնացած զոյգերու միջեւ հարցեր, անբարոյութիւն, անհաւատութիւն, պատանեկան կեանք եւ ծերանալու վախը։ Անոր կտորներուն բոլոր դերասանները ընդհանրապէս Նիւ Եորք ծնած ու մեծցած անձինք էին։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]