Jump to content

Նեւտան Ժամկոչեան

Նեւտան Ժամկոչեան
Ծնած է 3 Մայիս 1971(1971-05-03) (53 տարեկան)
Ծննդավայր Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Նեւտան Ժամկոչեան (կամ՝ Նեւտոն, անգլ.՝ Nevdon Jamgochian, ծնած 3 Մայիս 1971(1971-05-03), Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Ամերիհակայ արուէստագէտ մըն է:

Ժամկոչեան արուեստագէտ մըն է, որուն գործերը յաճախ կը կեդրոնանան պատմական հասկացողութիւններու վրայ: Ան գծագրութեան համար մարզուած է, սակայն այժմ ան բոլոր ժանրերու արուեստի գործերով կը զբաղի: Իր ցուցահանդէսները կ'ընդգրկեն նկարահանում, զետեղումներ, գրութիւն եւ ելոյթներ: Անոնց նիւթերը յաճախ յիշողութեան ու պատմութեան շուրջ կը դառնան, ինչպէս նաեւ մարդկային քանդման ու աւերման շուրջ՝ ցեղասպանութենէն անասուններու կործանում:

Ան արժանացած է Ռիչըրտ Պրէնսըն Մարս 2025 մրցանակին (անգլ.՝ Richard Branson Mars 2025 Award) Ուալտըն 3 հիմնադրամէն (անգլ.՝ Walden 3 Foundation), եւ ունեցած է ցուցահանդէսներ Գերմանիա, Թայլէնտ, Թուրքիա, Ռուսիա, Հայաստան, ԱՄՆ եւ Չինաստան:[1]

Վաղ կեանք եւ ուսում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամկոչեան ծնած է 1971 թուականին, Սան Ֆրանսիսքօ: Իր ընտանիքը (հայրը՝ Փիթըր, եւ մեծ հայրերը՝ Վահան եւ Կըրթրուտ, բոլորը գծագրիչներ) Օսմանեան Կայսրութեան Խարբերդ քաղաքէն են, Էկին շրջանէն եւ ապրած են հոն Ք.Ա. 612 թուականէն ի վեր:[աղբիւրի կարիք ունի] Իր մեծ-մեծ հայրը, Աւետիս, թարգմանած է «Կորսուած Դրախտը» (անգլ.՝ Paradise Lost) բանաստեղծութիւնը եւ աքսորուած: Մնացած ընտանիքի անդամները համիտեան ջարդերուն ընթացքին սպաննուած են, 1896 թուականին: Ժամկոչեան ընտանիքը առաջին հայկական շրջանակը հիմնեց Կլէնտէյլի մէջ, Քալիֆորնիա, 1910 թուականին:

Նեւտան Ժամկոչեան արուեստի ուսումը ստացաւ իր ընտանիքէն եւ Սավանա Արուեստի եւ Ձեւաւորման Քոլէճէն:[2][3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Nevdon Jamgochian, Lidepla on Luna
  2. REPORT OF J. B. HUBBELL, M. D. GENERAL FIELD AGENT IN CHARGE OF EXPEDITIONS IN THE INTERIOR OF ANATOLIA
  3. Merchants in Exile: The Armenians in Manchester, England, 1835–1935 Page 72 By Joan George, Gomitas Institute, U.K. 2002