Ներսէս Փափազեան
Ներսէս Փափազեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1872 |
Մահացած է | 1915 |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | Խմբագիր, հոգեւորական |
Ներսէս Փափազեան (1872, Ագուլիս-1915), հոգեւորական եւ հասարակական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներսէս Փափազեան Մեսրոպ շուշտակ վարդապետի որդին է եւ եղբայրը՝ յայտնի գրագէտ Վրթանէսի ու Վահանի։ Վան կը փոխադրուի, ուր կ'անցընէ իր մանկութիւնը, ապա՝ կ'անցնի Պոլիս եւ Ետիքոլէյի որբանոցը կ'աշակերտէ։ Հոնկէ կ'անցնի Արմաշ եւ դպրեվանքի մէջ շրջանը բոլորելով՝ վարդապետ կը ձեռնադրուի տ. Մաշթոց յորջորջմամբ եւ իր 6 ընկերներու խումբով, որ Արմաշի առաջին հունձքն էր։
Իբր հովիւ կը ղրկուի Ամերիկա, ուր կը յաճախէ Քոլոմպիա համալսարան, ուրկէ կը վկայուի, ապա կը մտնէ դաշնակցութեան շարքերը։ Իննամեայ հովուութիւն ընելէն ետք կ'անցնի Կովկաս, ուր կը մասնակցի հայ-թաթարական կռիւներուն։ Եկեղեցապատկան կալուածներու գրաւման առթիւ խօսած իր մէկ ճառին համար ռուս կառավարութիւնը իր հեռացումը կը պահանջէ Էջմիածինէն։
Մաշտոց վրդ. Թէհրանի առաջնորդ կը կարգուի, ուր կը մնայ երկու տարի։ Որպէս հասարակական գործիչ կը ստիպուի սքեմը թողուլ եւ մեկնիլ Ամերիկա, 1906-ի վերջերը կը ստանձնէ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը Վռամեանի տեղ։ Սահմանադրութենէն ետք կ'անցնի Պոլիս եւ մօտակայ գաւառները կ'ուղեւորուի քարոզչական պաշտօնով։ «Ազատամարտ»-ի հայկական բաժինի խմբագիր կը դառնայ մինչեւ 1915 Ապրիլ 11: Ձեռնարկած է նաեւ ամուսնական դատերու փաստաբանութեան՝ դատաստանական խորհուրդի առջեւ, իբր հմուտ եկեղեցական օրէնքներու։