Jump to content

Նարժես Մուհամատի

Նարժես Մուհամատի
نرگس محمدی
Ծնած է 21 Ապրիլ 1972
Ծննդավայր Զանճան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Պահլավական Իրան
 Իրան
Կրօնք տասներկուականներ?[1]
Ուսումնավայր Իմամ Խոմեյնի միջազգային համալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն իրաւապաշտպան, լրագրող
Գործունէութիւն հասարակական գործիչ, լրագրող
Աշխատավայր Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կեդրոն[2]
Ամուսին Թակի Ռահմանի
Երեխաներ երկու

Նարժես Մուհամատի (21 Ապրիլ 1972, Զանճան, Պարսկաստան)․ իրանցի հասարակական գործիչ, լրագրող եւ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կեդրոն»ին փոխ-նախագահ։ Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիր։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նարժես Մուհամատի Իրան ծնած ու մեծցած կին լրագրող եւ Մարդու իրաւունքներու հասարակական գործիչ է։ Ան «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կեդրոն»ին (որուն կը գլխաւորէ Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիր Շիրին Էպատի) փոխ-նախագահն է։

Մուհամատի բնագիտութիւն ուսանած է Քազվինի Միջազգային Համալսարանին (IKIU) մէջ եւ դարձած է արուեստի ճարտարագէտ։ Համալսարանական տարիներուն ընթացքին, ուսանողական թերթին մէջ հրապարակած է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին յօդուածներ։ Tashakkol Daaneshjuyi Roshangaraan (Լուսաւորուած Ուսանողներու Խումբ) քաղաքական խումբին երկու ժողովներուն ընթացքին ձերբակալուած է։ Աշխատակցած է բազմաթիւ յառաջադէմ թերթերու եւ հրապարակած է The reforms, the Strategy and the Tactics քաղաքական գրափորձերով գիրքը։

2003-ին կը միանայ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կեդրոն»ին, որուն նախագահն է Շիրին Էպատի։ Աւելի ուշ, Նարժես կը դառնայ անոր փոխ-նախագահը։

2011-ին, «ազգային ապահովութեան դէմ գործելու» ամբաստանութեամբ, Մուհամատի 11 տարուայ համար կը դատապարտուի։ «Միջազգային Ներում»ի կոչերուն շնորհիւ, ինպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու միջամտութեամբ, բանտէն կ՛արձակուի։ Սակայն 2015-ին կրկին կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի 5 տարուան համար՝ մինչեւ 8 Հոկտեմբեր 2020։

Մայիս 2021-ին, Թեհրանի Ոճիրներու Դատարանը, զայն երկուքուկէս տարուան բանտարոկութեան եւ 80 խարազանի հարուածներու կը դատապարտէ։ Չորս ամիս ետք ատեան կը կոչուի, որպէսզի դատապարտութեան պատիժին ծառայէ, սակայն ան ազդարարութեան չի պատասխաներ։

Դեկտեմբեր 2022-ին, Մաշա Ամինի Mahsa Amini բողոքի ցոյցերուն ընթացքին, Նարժես BBC կայանէն կը հրապարակէ բանտարկուած կիներուն բռնաբարութեան մասին տեղեկագրութիւն մը։ Յունուար 2023-ին, բանտէն կը հրապարակէ Evin բանտին մէջ կիներուն կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ չարչարանքներու ենթարկուած 58 անուններու ցանկ մը։

1999-ին կ՛ամուսնանայ հասարակական գործիչ եւ լրագրող Թակի Ռահմանիին հետ եւ կ՛ունենան երկու զաւակներ։ Ռահմանին ձերբակալուած է եւ 14 տարի Իրանի բանտերուն մէջ բանտարկութենէ ետք, 2012-ին Ֆրանսա անցած է։ Իսկ Նարժես տեղ կը մնայ ու կը շարունակէ պայքարիլ մարդոց իրաւունքներուն համար։

2009, «Alexander Langer Award»

2011, «Per Anger Prize»

2016, «Weimar Human Rights Award»

2018, «Andrei Sakharov Prize» (APS)

2022, «100 inspiring and influential women» (BBC)

2023, «Olof Palme Prize»

2023, «PEN/Barbey Freedom to Write Award»

2023, Եունեսքօ/«Guillermo Cano World Press Freedom Prize» Կիյերմօ Քանօ աշխարհի խաղաղութեան Պարգեւ

2023, «Nobel Peace Prize» (Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակ)

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]