Նահապետ Ապտալեան
Ծնած է | 1844 |
---|---|
Ծննդավայր | Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա |
Մահացած է | 1895 |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Կրթութիւն | Նիւ Եորքի բժշկական գոլէճ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Նահապետ Ապտալեան (1844, Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա - 1895), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1844 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Սեբաստիոյ գաւառի Կիւրինի գաւառակի կեդրոն Կիւրին քաղաքին մէջ։ Սորված է ամերիկացի միսիոներներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճին մէջ, որուն ուսանողները, բացի մի քանի յոյնէ, հայեր էին։ Բարձր յառաջադիմութեամբ աչքի իյնալով՝ շահած է գոլէճի ամերիկացի տնօրէնի համակրանքը եւ անոր հոգածութեամբ մեկնած՝ ԱՄՆ-ի Քոնեքթիքըթ նահանգի «Հարթֆորթ» քաղաքի աստուածաբանական դպրոցէն ներս ուսանելու, զոր նաեւ աւարտած է բարձր յառաջադիմութեամբ։ 1877 թուականին Հարթֆորդի մէջ ձեռնադրուած է քարոզիչ եւ ստացած՝ ամերիկեան քաղաքացիութիւն։ Այս տարիներուն սորված է Նիւ Եորքի բժշկական գոլէճին մէջ ու հմտացած է վիրաբուժութեան ճիւղին մէջ։ 1879 թուականին աւարտելով բժշկական կրթութիւնը՝ վերադարձած է Թուրքիա։ 1882 թուականին Պրուսայի նահանգի կոմիդիոյ գաւառակի կեդրոն Նիկոմիդիա (Իզմիթ) քաղաքին մէջ ամուսնացած է օրիորդ Հայկանոյշ Պէյազեանի հետ, այնուհետեւ կրկին մեկնած է ԱՄՆ ու իր մօտ հրաւիրած՝ կնոջը։ 1884 թուականին՝ Կիւրին քաղաքի կառավարութեան մասնաւոր հրաւէրով, վերադարձած է Թուրքիա եւ հաստատուած՝ ծննդավայրի մէջ։ 1884-1895 թուականներուն, Ամերիկեան Պորտի միսիոներ եւ կառավարական բժիշկ նշանակուած՝ Կիւրինի մէջ։
Սպանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1895 թուականին, օր մը թուրքերը Կիւրինի հայկական տուներու վրայ յարձակած են, որոնց կարգին՝ իրենց լաւ ծանօթ բժիշկ Նահապետ Ապտալեանի տան վրայ։ Բժիշկի կինը՝ զաւակներուն հետ, փախած ու ապաստանած է հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Բժիշկին նախօրոք, վիրաբուժական գործողութիւն կատարելու պատրուակով, հրաւիրած են կառավարչատուն, ուր անոր մտերիմ թուրք ոստիկանը սպանած է զինք թունաւոր գնդակով՝ 51 տարեկան հասակին։ Այդ ահաւոր օրերէն յետոյ տիկին Հայկանոյշ, մեկնելով Կոստանդնուպոլիս՝ ԱՄՆ-ի հիւպատոսի միջոցով, բողոք յղած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ԱՄՆ քաղաքացի ամուսինի սպանութեան համար եւ յաջողութեամբ փոխհատուցում ստացած։ Յետագային տիկին Հայկանոյշ Ապտալեան, զաւակներուն հետ տեղափոխուած է ԱՄՆ, ուր անոր դուստրը՝ Զապէլ Ապտալեան, ստացած է բժշկական կրթութիւն։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։