Յորդանանի Հայերը

Հայերը Յորդանանի մէջ, հայերը Յորդանան հաստատուած են հին ժամանակներէն՝ Խաչակիրներու շրջանէն , Հեթում թագաւորի օրով (ԺԳ. Դար), սակայն իբրեւ համայնք սկսած են ձեւաւորուիլ 1915-ի Եղեռնէն ետք, մանաւանդ 1950-ական թուականներուն սկիզբը, երբ Տէր Զօրէն , Սուրիայէն եւ այլ վայրերէ գաղթական բեկորներ ապաստան գտած են Յորդանանի զանազան քաղաքներու մէջ՝ Մաան, Փեթրա, Քարաք, Իրպիտ, Զարքա:

Կը յիշուի, որ Քաղաքին մէջ 1928-ին գոյութիւն ունեցած է հայկական վարժարան մը՝ որբերուն այբուբեն սորվեցնելու համար: Այնուհետեւ հայ գաղթականները շարժած են դէպի մայրաքաղաք Ամման, ուր 1933-ին գոյութիւն ունեցած է ազգային վարժարան մը (Հեթումեան) եւ մատուռ մը:

Կիւլպէնկեան – Եուզպաշեան Վարժարան, 1960-ին, Երուսաղէմի պատրիաքութիւնը կը ձեռնարկէ հայկական վարժարանի շէնքին եւ եկեղեցւոյ կառուցման: Դպրոցը եւ եկեղեցին կը գտնուին շրջանի մը մէջ՝ որ կը կոչուի (Հայ էլ էրմէն), այսինքն՝ Հայկական թաղ: Դպրոցին նախակրթարանի բաժինը կը կոչուի Եուզպաշեան, իսկ մանկապարտէզը՝ Կիւլպէնկեան: Եկեղեցին կը կոչուի Ս. Թադէոս[1]:

Մանկապարտէզը երկու տարուան ընթացք մըն է, իսկ նախակրթարանը ունի 6 դասարաններ: Արաբերէն եւ անգլերէն դասերու կողքին դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի հայերէն լեզու եւ կրօն:

Գաղութը սահմանադրական իմաստով հիմնական կառոյց չունի, որովհետեւ եկեղեցին ու դպրոցը սեփականութիւն են Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Պատրիարքը կը նշանակէ հոգեւոր հովիւը:

Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ, որ գեղեցիկ ու հայկական ոճով կառուցուած է, ամէն Կիրակի կանոնաւոր կերպով պատարագ կը մատուցուի:

ԱԿՈՒՄԲՆԵՐ ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, Ամմանի հայկական փոքր գաղութը ունի երկու ակումբներ, որոնք կը գտնուին դէմ դիմաց, երկուքն ալ աշխոյժ գործունէութեամբ, գեղեցիկ կառոյցով եւ զանազան բաժանմունքներով: Ակումբներէն մին կը պատկանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, միւսը՝ Ա.Մ.Մ.-ի:

Ծան0թագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Անդրադարձ. Յորդանանի Հայերը. Յուշեր, Դրուագներ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-06-28 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յորդանան էջ 10-11-12-13