Jump to content

Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարան (Երեւան)

Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Վայր Երեւան
Հասցէ Улица Московян, 40
Հիմնադրուած է 1953
Այցելուներ 40 000
Տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան եւ Անի Եղիազարյան?
40°11′16″N 44°30′35″E / 40.1878°N 44.5097°E / 40.1878; 44.5097
Կայքէջ toumanian.am
Քարտէս
Քարտէս


Յովհաննէս Թումանեանի թանգարան, հիմնադրուած է 1 Ապրիլ 1953-ին՝ նուիրուած ամենայն հայոց բանաստեղծի մահուան 30-ամեակին։ Թանգարանին ճարտարապետը Գրիգոր Աղաբաբեանն է։

Թանգարանի հիմնադիրը եւ առաջին տնօրէնը բանաստեղծին դուստրն է՝ Աշխէն Թումանեանը։ Թանգարանի ցուցանմուշներն են ձեռագրերու պատճէնները, նկարափաստաթուղթերը եւ Թումանեանի ինքնատիպ ստեղծագործութիւններու բնօրինակները։ Այստեղ կը պահուին աւելի քան 18.000 ցուցանմուշներ։

1969-ին նոր ցուցասրահին մէջ ցուցադրուող նմոյշները հիմնականին նուիրուած են Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Թումանեանի ստեղծագործական արուեստով հետաքրքրուողները այստեղ կրնան տեսնել գրողի անձնական իրերը, փաստաթուղթերը, ձեռագրերը, նախագիծերը եւ հրատարակութիւնները աւելի քան 45 լեզուներով[1]։

Թանգարանի առաջին յարկի ցուցասրահներուն մէջ ժամանակագրական կարգով ներկայացուած են Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթեր՝ լուսանկարներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ հեղինակին հեքիաթներու եւ պատմուածքներու թեմաներով ստեղծուած պատկերներ։ Չորս սրահներու մէջ կը ներկայացուի «Մեծ Հայու» կեանքը՝ ծնունդէն մինչեւ մահ։ Առաջին յարկի գողտրիկ մէկ անկիւնը վերածուած է Թումանեանի Թիֆլիսի «Վերնատան» կրկնօրինակին եւ խորհրդաւոր տպաւորութիւն կը գործէ այցելուներուն վրայ։

Թանգարանի ցուցանակը։

Երկրորդ յարկը կը ներկայացնէ Թումանեանի թիֆլիսեան վերջին բնակարանը՝ նոյնութեամբ վերարտադրուած իր վեց սենեակներով եւ ժամանակին եղած նոյն կահաւորանքով։

Այստեղ պահպանուած է գրողին Թիֆլիսի տան մթնոլոտը։ Ցուցասրահին ամբողջ բովանդակութիւնը բանաստեղծին տան ճաշասենեակի, հիւրասենեակի եւ աշխատասենեակի ներքին բաղադրիչ առարկաներն են։ Նոյն յարկին վրայ՝ առանձին մեծ սրահի մէջ, կը ցուցադրուի բանաստեղծին անձնական բացառիկ եւ բազմաբնոյթ գրադարանը՝ տարբեր լեզուներով եւ տարբեր ազգային ու ժանրային բովանդակութեամբ գիրքերու 8000 օրինակ ընտրանիով։

«Լոռուայ ձորը» համայնապատկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յովհաննէս Թումանեանի կիսանդրին թանգարանի պատին, քանդակագործ` Ղուկաս Չուբարեան

Թանգարանի հետաքրքրական անկիւններէն է «Լոռուայ ձորը» համայնապատկերը, որուն դիտումը կ՛ուղեկցուի «Անոյշ» օփերայի հնչիւններով՝ այցելուին տեղափոխելով Հայաստանի հիւսիսային տարածքի ամէնէն գեղեցիկ անկիւններէն մէկը։

Թանգարանը ունի ընդարձակ, լուսաւոր դահլիճ՝ նախատեսուած ցուցահանդէսներու, միջոցառումներու եւ ներկայացումներու համար, ինչպէս նաեւ՝ երկու այգի։

Թանգարանը թումանեանագիտական ու մշակութային գործուն կեդրոն է, ուր, բացի թումանեանական ընթերցումներէ, բանաստեղծական երեկոներէ ու հեքիաթներու նուիրուած տօնահանդէսներէ, նաեւ կը կազմակերպուին տարաբնոյթ ցուցահանդէսներ։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Մոսկովեան 40 հասցէով բարձունքի վրայ։ Թանգարան հասնելու համար պէտք է բարձրանալ 54 աստիճան, որ կը խորհրդանշէ մեծ բանաստեղծին ապրած կեանքի տարիները[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Յովհաննէս Թումանեան»։ Журнал ЖАМ։ արտագրուած է՝ 2018-01-27 
  2. «Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2018-12-25 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]