Jump to content

Յիշեցէք (ժապաւէն)

Յիշեցէք
Remember (2015 film)
Բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան
Թողարկման
թուական
16 Փետրուար 2016
Լեզու Անգլերէն

Յիշեցէք կամ Յիշէ (անգլերէն՝ Remember (2015 film)), 2015-ի ժապաւէն. քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան կողմէն պատրաստած է՝ հրեաներու ողջակիզման նուիրուած:

Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարն է Քրիստոֆըր Փլամըր (90 տարեկան ամերիկացի հրեայ մը), որ ողջակիզումէ փրկուած է, ալզհայմըր հիւանդութեան բռնուած անձ մըն է։ Այս անձը ստուգած է իր ընտանիքի անդամները սպաննող նացիներուն անունները եւ ստանձնած է զանոնք սպաննելու պարտականութիւնը[1]։ Սակայն ալզհայմըր հիւանդութեան պատճառած յիշողութեան կորուստին հետեւանքով, ամէն անգամ ան կը մոռնայ, թէ ինչո՞ւ սպաննել կ՛ուզէ այդ մարդիկը[2]։

Սոյն ժապաւէնը, ողջակիզման նուիրուած բոլոր միւս ժապաւէններէն, տարբեր շունչ ունի ու մասնաւորաբար կը ցոլացնէ Էկոյեանի տաղանդը: Ժապաւէնը լեցուն է հանդիսատեսը գրաւող անակնկալներով, իր մայր թեման ունենալով՝ վրիժառութեան պատմութիւնը[3][4]:

Ինչպէս Ատոմ Էկոյեանի միւս ժապաւէնները, այս նոր ժապաւէնը եւս բարդ կառոյցով ժապաւէն մըն է, ուր կը բեմադրուի արտակարգ խաղարկութիւն մը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Remember»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-14-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-01 (անգլերէն)
  2. «Ատոմ Էկոյեանի Նոր Ժապաւէնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-08-06-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-01 
  3. «Թրքական «Թարաֆ»ը գովասանքով գրած է Էկոյեանի նոր ֆիլմին մասին» 
  4. «Ատոմ էկոյեանէն անմոռանալի նոր ժապաւէն մը»