Jump to content

Յարվահանագեղձեր

Մարդկային մարմինը ընդհանրապէս ունի չորս յարվահանագեղձեր (parathyroid glands), որոնք կը գտնուին վահանագեղձին (thyroid gland) յետամասի մակերեսին: Անոնք յաճախ ներմաճած կ՛ըլլան վահանգեղձին մէջ: Անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ մինչեւ ութի, որոնք զոյգ-զոյգ կը տեղակայուին վահանագեղձի երկու բլթակներուն ետեւ: Իւրաքանչիւր յարվահանագեղձ ունի բրինձի հատիկի մը մեծութիւնը:

Յարվահանագեղձի անուանումը եղած է չորս գեղձերու՝ վահանագեղձին մօտ գրաւած դիրքէն:

Յարվահանագեղձերը եւ վահանագեղձը բոլորվին տարբեր դերակատարութիւններ ունին:

Յարվահանգեղձերը առանց դադարի կը գործեն եւ մեծ եդերակատարութիւն ունին մարմինի առողջութեան ու կեանքի յարատեւութեան մէջ: Մարդ կրնայ նոյնիսկ մէկ յարվահանագեղձով ապրիլ:

Յարվահանգեղձերը բնասպիտային (protein) ներծորոյթ մը կ՛արտադրեն, որ կը կոչուի յարվահանգեղձի ներծորոյթ (parathormone): Այս ներծորոյթը կ՛արտադրուի երբ արեան եւ մարմինին մէջ կայ կրածինի քանակի պակաս, իսկ հատառակը կը պատահի արեան եւ մարմնի կրածինի բարձրացումով:

Պարտականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ներծորոյթի պարտականութիւններն են՝

  • Ոսկորներու կրածինի քանակը կանոնաւորել եւ անոր տեղաշաժը ոսկորներէն դէպի արեան շրջագայութիւն: Երբ արեան կրածինը նուազի՝ այս ներծորոյթ կը գործէ եւ ոսկորներու մէկ պահուած կրածինէն մաս մը արեան շրջագայութեան կը մղէ.
  • կանոնաւորել կրածինի ներծծումը՝ աղիքներէն դէպի արեան շրջագայոթիւն: Երբ արեան կրածինի քանակը նուազի, աս ներծորոթը կ՛աշխուժացնէ աղիքներու մէջ գտնուած սննդանիւթերու կրածինի ներծումը, որպէսզի բարձրանյ արեան կրածինի քանակը: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ աղիքներու մէջ գտնուղող D կենսանիւթի եւ յարվահանագեղձի ներծորոյթի ներգործութեամբ:
  • Աշխուժացնել կրածինի ներծծումը երիկամներուն մէջ:

Յարվահանագեղձերը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝

  • Յարվահանագեղձի գերգործունէութիւն (hyperparathyroidism).
  • Յարվահանագեղձի ենթագործունէութիւն (hypoparahyroidism).

Յարվահանագեղձի Գերգործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարվահնագեղձի գերգործունէութիւնը կը յառաջանայ հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներով՝

Հիմնական ախտապատճառներն են՝

  • Յարվահանագեղձերու ծաւառում եւ անոնց ներծորոյթի գերարտադրութիւն.
  • Յարվանագեղձերէն մէկուն լաւորակ ուռի փոփոխութիւն եւ անոր ներծորոյթի-առատ արտադրութիւն.
  • Յարվահանագեղձերէն մէկուն խլիրդի (cancer) փոփոխութիւն եւ անոր ներծորոյթի առատ արտադրութիւն (այս պարագան շատ հազուադէպ կը պատահի).

Երկրորդական ախտապատճառներն են՝

  • Արեան կրածինի նուազում՝ մարմնի զանազան հիւանդութիւններու պատճառով.
  • Արեան կրածինի նուազում՝ յոռի սննդառութեան, անբաւարար կրածին պարունակող սննդանիւթերու եւ անբաւարար D կենսանիւթի սպառումով.
  • Արեան կրածինի նուազում՝ երիկամային երկարտեւ հիւանդութիւններու պատճառով, երբ կրածինի ներծծումը երիկամներէն դէպի արեան շրջագայութիւն տեղի չունենաար.

Յարվահանգեղձի գերգործունէութեան ախտանշանները գերկրածնութեան ախտանշաններու նման են:

Յարվանագեղձի գերգործունէութեան դարմանումը կը կատարուի ըստ ախտապատճառին: Ընդհանրապէս հիմնական ախտապատճառներու պարագային, յարահանագեղձի գերգործունէութիւնը կը դարմանուի ծաւալած գեղձի հատումով: Այս միջոցով անհատը ամբողջապէս կ՛ապաքինուի: երկրորդական ախտապատճառներու պարագային, յարվահանագեղձի գերգործունէութիւնը կը դարմանուի անոր ախտապատճառը դարմանելով:

Յարվահանագեղձի Ենթագործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարվահանագեղձի ենթագործունէութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով՝

  • Յարվահանգեղձերու մասնակի հատում՝ վահանագեղձի վիրահատութեան (thyroidectomy) ընթացքին.
  • Յարվահանգեղձի ի ծնէ բացակայութիւն կամ թերաճութիւն (այս պարագան հազուագիւտ է).
  • Ինքնավարակամերժութեան հիւանդութիւն (autoimmune disease): Այս պարագային մարմինի մէջ գտնուող հակամարմինները կ՛արտադրուին եւ արգելք կը հանդիսանայ յարվահանգեղձի ներծոյթի արտադրութեան.
  • Մագնեզիումի անբաւարարութիւն.

Յարվահանգեղձի ենթագործունէութեան ախտանշանները գրեթէ նման են ենթակրածնութեան ախտանշաններուն:

Յաէվահանագեղձի ենթագործունէութեան դարմանումը ըստ պարագային:

  • Սուր պարագաներուն՝ կրածինի ներարկումով.
  • Երկարատեւ պարգաներուն՝ բերանային կիրի եւ D կենսանիւթի գործածութեամբ.

Յարվահանագեղձի գերգործունէութեան եւ ենթագործունէութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան կրծինի եւ յարվահանգեղձի ներոյթի քննութեամբ, յարվահանագեղձի եւ մարմնի ոսկորներու Ք-ճառագայթային յատուկ նկարումներով:

  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 22 Մայիս 2015, էջ 100-102: