Jump to content

Յարութիւն Սինանեան

Յարութիւն Սինանեան
Ծնած է 1 Ապրիլ 1872(1872-04-01)
Ծննդավայր Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1898
Մահուան վայր Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երգահան և խմբավար
Ծնողներ Հայր՝ Գրիգոր Սինանեան

Յարութիւն Սինանեան (1 Ապրիլ 1872(1872-04-01), Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1898, Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք), ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երգահան, խմբավար, երաժշտական-հասարակական գործիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ Հօր՝ անուանի երաժիշտ Գրիգոր Սինանեանի գործի եռանդուն շարունակողը եղած է: Նախ սկսած է ջութակ նուագել, որ սորված է իր հօրմէն, երբ տակաւին ինն տարեկան էր:

Այնուհետեւ անոր ուսուցիչները դարձած են Տիգրան Չուխաճեան, Պրասէն եւ Ռատեկլայն։ Հօրմէն ժառանգելով երաժշտական տաղանդը՝ Յարութիւնը մանուկ հասակէն դրսեւորած է բացառիկ երաժշտական օժտուածութիւն, ընտանիքին մէջ տիրող արուեստի միջավայրն ալ, բնականաբար, իր ազդեցութիւնը ձգած է:

Սինանեաններու ընտանիքին մէջ երաժշտական հաւաքոյթներ տեղի կ՚ունենային, ժամանակի արուեստագէտներ եւ գործիչներ միշտ ներկայ կ՚ըլլային:

Տասներկու տարեկանին Յարութիւն յաջող կերպով կը կատարէր արեւմտաեւրոպական դասական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւ այդ պատճառով կը հրաւիրուի պալատ՝ ելոյթ ունենալու:

Պատանի հասակին ի յայտ կու գայ նաեւ իր տաղանդը՝ իբրեւ երաժշտահան: Անոր կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած են շփումը մանաւանդ հայ երաժշտահան Տիգրան Չուխաճեանին հետ եւ վարժանքները անոր քով: Իր կարգին, Չուխաճեան շատ սիրած եւ գնահատած է տաղանդաւոր հայ պատանին՝ անոր մէջ տեսնելով ապագայ երաժիշտը:

Ստեղծագործական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինչպէս իր ուսուցիչը, Յարութիւն Սինանեան նոյնպէս ստեղծագործական ջանքերը կ՚ուղղէր եւրոպական երաժշտական մշակոյթի փորձը ուսումնասիրելու, զայն գործածելու եւ անոր միջոցով հայ ազգային արուեստը հարստացնելու խնդիրներուն։ Յօրինած է նաեւ նուագախմբային գործեր, որոնց ստեղծումը համընկած է գործունէութեան՝ Սինանեան ընտանիքի հիմնած «Հայկական նուագախումբ»ին, զոր տասնվեց տարեկանին կը գլխաւորէր Յարութիւնը: Հայրը՝ Գրիգոր Սինանեան, նուագախումբին մէջ առաջին ջութակահարի եւ խմբավարի տեղը զիջած է որդիին եւ ինք դարձած էր երկրորդ ջութակներու խումբի առաջատարը։ Արհեստավարժ նուագախումբ էր «Հայկական նուագախումբ» անունով Սինանեաններու խումբը, որու ելոյթները սպասուած էին հայ եւ օտար երաժշտասէրներու կողմէ: Սինանեան նուագախումբի նուագացանկը կազմուած էր հատուածներէ՝ իտալական օփերաներէն եւ ֆրանսական օփերեթներէն, հայկական, յունական, թրքական երգերու ու պարեղանակներու նուագախմբային փոխադրումներէ, յետագային նաեւ՝ Պեթհովէնի. Մոցարթի, ինչպէս նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Յարութիւն Սինանեանի սիմֆոնիկ երկերէն: Նուագախումբը գոյատեւած է մինչեւ 1896 թուականը։

1926 թուականին Յարութիւն Սինանեան կ՚ընտրուի Պոլսոյ երաժշտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ։ Ան նաեւ Պոլսոյ «Հայարտուն»ի հիմնադիրներէն եղած է։ «Հայարտուն» անունով արուեստի կազմակերպութիւնները, ինչպէս ծանօթ է, ստեղծուած են 1920-1930 թուականներուն՝ Հայաստանէն դուրս, հայաշատ վայրերու մէջ եւ նպատակ ունէին դուրսը բնակող հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները տարածել, հայերը արուեստով դաստիարակել, կապելով զանոնք մայր հայրենիքի մշակութային կեանքին[1]։

Հայաստան հասած անոր արխիւին մէջ տեղ գտած են երաժշտահանի ստեղծագործութիւնները, դաշնամուրային գործերը՝

  • «Բամբ Որոտան»,
  • «Մեսրոպեան քայլերգ եւ մեղեդի»,
  • «Տալւորիկ»,
  • «Քայլերգ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան»,
  • երգեր եւ խմբերգեր, լուսանկարներ։

Պոլսահայ անուանի երաժիշտ Յարութիւն Սինանեանի արխիւին մասին[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մանրակրկիտ եւ արհեստավարժ կերպով կը մշակուէր պոլսահայ անուանի ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երաժշտահան, խմբավար, հասարակական գործիչ Յարութիւն Սինանեանի արխիւը: Թանգարանը, հաղորդագրութիւն մը տարածելով կը յայտնէ, որ արժէքաւոր այս արխիւին գիտական մշակումը արդէն աւարտած է եւ զայն հասանելի է ուսումնասիրողներուն: Սինանեանի արխիւը գիտական մշակման ենթարկած է թանգարանի երաժշտական բաժնի պատասխանատու Ցողիկ Պեքարեան: Ան թանգարանի երկարամեայ գիտաշխատողներէն է, թանգարանին մէջ կ՚աշխատի 1978 թուականէն ի վեր եւ երաժշտական բաժնի վարիչն է 1990 թուականէն սկսեալ: Ծնած ըլլալով երաժիշտներու ընտանիքի մէջ եւ ստանալով երաժշտական կրթութիւն՝ Պեքարեան այդ ասպարէզի նուիրեալներէն է, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ դարձած է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]