Յարութիւն Հալուաճեան
Ծնած է | 1850 |
---|---|
Ծննդավայր | Տիգրանակերտ, Տիգրանակերտի նահանգ |
Մահացած է | 1915 |
Կրթութիւն | Կ. Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կոչում | Գնդապետ |
Աշխատավայր | Մեզիրէի զինուորական հիւանդանոց |
Յարութիւն (Արթին) Պէյ Հալուաճեան (1865, Տիգրանակերտ, Տիգրանակերտի նահանգ - 1915), հայ վիրաբոյժ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1865 թուականին Տիգրանակերտի նահանգի կեդրոն՝ Տիգրանակերտ (Դիարբեքիր) քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ազգային վարժարանին մէջ։ Աւարտած է նաեւ տեղի թուրքական «իտատիէ»ն (միջնակարգ դպրոցը)։
Մոտաւորապէս 1890 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանը եւ ստացած «թոփչիի» (հրետանու սպայի) զինուորական կոչում։ Մասնագիտութեամբ եղած է վիրաբոյժ։ Աւարտելէ անմիջապէս ետք՝ զինուորական ծառայութիւն կատարած է օսմանեան բանակին մէջ։ Երկար տարիներ, Օսմանեան կայսրութեան շարք մը քաղաքներուն մէջ գտնուող զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ, ծառայած է որպէս զինուորական բժիշկ։
Թուրք զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ իր կատարատ ծառայութիւններուն համար՝ արժանացած է «Գայմագամ Պէյ» տիտղոսին։ Ծառայած է Օսմանեան բանակի Մեզիրէի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Եղածէ Խարբերդի գաւառի կառավարիչ (քայմաքամ)։ Հարիւրաւոր թուրք քաղաքացիներ ու զինուորականներ փրկուած են անոր հմուտ վիրահատութիւններու շնորհիւ։ Օսմանեան կայսրութեան պատերազմական նախարարութենէն արժանացած է «պէյ» տիտղոսին։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, իր դեղագործ եղբօր հետ միասին, 5-րդ կոլ–օրտուի (ենթաբանակի) բժշկապետի պաշտօնով ուղարկուած է Կովկասեան ռազմաճակատ։ Այստեղ Օսմանեան բանակի պարտութենէն ետք, հայ զինուորական բժիշկներու ներկայութիւնը ռուսական սահմանի մօտ կասկածելի կը նկատուէր, եւ գնդապետ բժիշկը ուղարկուած է Խարբերդ ու Մեզիրէի զինուորական հիւանդանոցի բժշկապետ նշանակուած։ Այստեղ ան մեծ ծառայութիւն մատուցած է Օսմանեան բանակին մէջ՝ ժանտախտի համաճարակի դէմ պայքարելու եւ հազարաւոր թուրք զինուորներու կեանքը փրկելու գործին, որուն համար ալ արժանացած է զինուորական իշխանութեան գնահատանքին։
Թուրք պաշտօնակից բժիշկներու զրպարտանքներու հետեւանքով, բժիշկը ետ ուղարկուած իր ծննդավայրը՝ ծառայելու տեղի զինուորական հիւանդանոցէն ներս որպէս բժշկապետ։ Յարութիւն Հալուաճեան՝ իրեն ուղեկցող թուրք զինուորականներու հետ, կառքով ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Տիգրանակերտ, որուն մօտակայ ճամբուն վրայ կը կողոպտուի թուրք չէթէճիներու կողմէ եւ վայրագօրէն կը սպաննուի ու իր մարմինը կը նետուի Տեւէ Պոյնիէն վար։
Այլ տուեալով՝ 1915 թ.–ի Յուլիսին, սպանուած է Խարբերդի մէջ կամ Գեղվանքի մօտ, իր աշխատավայրին մէջ՝ մօտ 55 տարեկան հասակին։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները),Պոսթըն, 1957։
- Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներուն, «Առողջապահութիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
- Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
- Հայրապետյան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
- Յարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
- Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։