Jump to content

Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեան

Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեան
Ծնած է 1867
Մահացած է 1927

Տէր Յարութիւն Ա. Քահանայ Եսայեան, (1867-1927) Աւազանի անունով՝ Կարապետ, որդի Տէր Աղարիա քհնյ. Եսայեանի, ծնած է Կեսարացի ծնողքէ, Կեսարիոյ Էֆքարէ գիւղը, 1867-ին։ Ան հազիւ վեց տարեկան էր, երբ 1872-ին ծնողքին հետ փոխադրուեցաւ Թալաս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Թալասու Ազգ. Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1883-ին։ Ապա, կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ։ 1885-1886 ուսումնական տարեշրջանին ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Թալասու Վարդ-Պատրիկեան Վարժարանին մէջ եւ ապա, կը տեղափոխուի Մէրսին, ուր տեղւոյն ծխական վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ միայն մէկ տարի՝ 1886-1887։

Այնուհետեւ, Կարապետ կը հեռանայ ուսուցչական ասպարէզէն ու նիւթական աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ունենալու հեռանկարով՝ կը ձեռնարկէ ազատ գործի։ 1887-1892, ան հինգ տարիներ, իր քեռայրին՝ Մէրսինի նշանաւոր վաճառականներէն՝ Տիար Աբրահամ Սէլեանին առեւտրական գրասենեակի մէջ գործակատարիի պաշտօնը կը կատարէ։ Առեւտրական կեանքի մէջ որոշ փորձառութիւն ունենալէ ետք, 1892-1894 տարիներուն կը սկսի անձնական վաճառականութեան եւ միաժամանակ կը հետաքրքրուի ու կը զբաղի փաստաբանութեամբ։ Նոյն տարիներուն կը մահուան Տարսոնի Տէր Եղիազար քահանան։ Տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, իբրեւ քահանայութեան յարմարագոյն թեկնածու, Կարապետը կը համոզէ, որ եկեղեցակկան ձեռնադրուի։ Ապա, անոնք կը դիմեն Ազգային Առաջնորդարան, որուն հաւանութեան արժանանալէ ետք, Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանը կը տնօրինէ պարտն ու պատշաճը եւ 1895 թուակիր պաշտօնագրով, Կարապետ, իբրեւ քահանայացու կ'ընդունուի Արմաշի դպրեվանքը, ուր Մաղաքիա Օրմանեան սրբազանին ձեռքին տակ կը հետեւի հայերէն լեզուի, կրօնական եւ եկեղեցական դասընթացքներուն։

1896-ին ամրան Արմաշի դպրեվանքի բարերար սիար Աբիկ Ունճեանի թուրքերու կողմէ բանտարկութեան պատճառով, դպրեվանքը կը մատնուի նիւթական դժուարութեան եւ իրեն համար ուսումը շարունակելը կը դառնայ անկարելի։ Հետեւաբար, ան ստացած կրօնական գիտելիքներով բաւարարուելով կը վերադառնայ Տարսոն։ Անմիջապէս ձեռնադրուելու համար կը պատրաստուը ամուսնութեան։ Բայց դժբախտաբար, իր ծրագիրը ոչ միայն չի կրնար իրագործել, այլեւ 1897 Օգոստոսին, իբրեւ քաղաքական ամբաստանեալ կը ձերբակալուը թուրքերու կողմէ եւ հոգեւորական ու աշխարհական քսաներկու անձերու հետ կը տարագրուի Ատիանապոլիս, ուր ինը ամիսներ բանտ մնալէ ետք, ներման կ'արժանանայ եւ կը վերադառնայ Կիլիկիա։

Այնուհետեւ, ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը, որուն հետ կը պսակուի ատանայի մէջ, 20 Փետրուար 1898-ին եւ կ'ունենայ մէկ մանչ՝ Բադրիկ անունով։

1901-ին, Ատանայի Ազգային Առաջնորդարանի յանձնարարգրով ու Տարսոնի եկեղեցւոյ թաղականութեան պաշտօնագրով, ան կը մեկնի Սիս եւ Տէր Կիրակոս Եպս. Պէքմէզեանի ձեռամբ ու Տ. Մկրտիչ Վրդ. Թապագեանի խարտաւիլակութեամբ կը ձեռնադրուի քահանայ, Կիրակի, 27 Յունուար 1901-ին, Սիսի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տէր Յարութիւն։

Իր քահանայութեան քառասնօրեայ շրջանը չլրացած, Պէյլանի եկեղեցւոյ թաղականութեան խնդրանքով, նորընծայ Տէր Յարութիւն արժամաբար կը ղրկուի Պէյլան, տեղւոյն վախճանեալ քահանային փխական ժողովուրդը հովուելու համար։ Երեք ամիսներ քահանայագործելէ ետք, երկու դաւաճաններու եւ կաթողիկէ վարդապետի մը գրաւոր մատնութեամբ՝ որպէս քաղաքական ամբաստանեալ կը ձերբակալուի եւ դարձեալ կը բանտարկուը ինը ամիսներ Պէյլանի ու Հալէպի մէջ եւ երեք ամիսներ ալ զանազան վայրերու մէջ։ Շնորհիւ Օրմանեան Սրբազանին տարած աշխատանքներուն եւ Բ.Դրան կատարած իր դիմումներուն ու բացառիկ կարգադրութեան՝ կարելի եղած է իր բանտարկութիւնը տեղափոխել Ազգային Առաջնորդարան։ Իսկ իր բանտէն ազատ արձակուելուն հետ կապուած է հետաքրքրական դդրուագ մը, որուն ականատես եղա է իննսունամեայ Պրն. Գաբրիէլ Տէօքմէճեան։

Տէր Յարութիւն ազատ կ'արձակուի ու հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ։ 1902-ին, ան իր ընտանիքը կը տեղափոխէ Հալէպ եւ այնուհետեւ կը սկսի այնտեղ քահանայագործել։ Ան կը նշանակուի փոքրաթիւ ծխական ընտանիքներու տաներէց եւ միաժամանակ կը ստանձնէ կրօնագիտութեան դասեր Ազգային Վարժարանին մէջ ու կը վարէ նաեւ լուսարարապետութեան պաշտօնը։

Ան ուսուցչական պաշտօն վարած է աւելի քան տասն տարիներ։ Հետագային փորձառութեամբ հարուստ ու վարչկան կարողութեամբ օժտուած ըլլալուն համար, կոչուած է Բերիոյ Թեմի առաջնորդական Փոխանորդութեան փափուկ ու դժուարին պաշտօնին, զոր պարբերաբար վարած է 1904-1916 թուական։

1915-ի արհաւիրքի տարին, շատ օգտակար դարձած է գաղթական հայերուն եւ ձեռնհասօրէն վարած է Առաջորդական Փոխանորդութեան ծանր գործը։

Որ ազգօգուտ ծառայութիւնները տարագիր հայութեան, լաւ աչքով չեն դիտեր Հալէպի թուրք պատասխանատուները, որոնք Տէր Յարութիւնը կ'ամբաստանեն որպէս քաղաքական յանցապարտ։ Թուրքերը կրկին կը ձերբակալեն զինք եւ ուրիշ հինգ ազգայններ, կը բանտարկեն ու մահուան կը դատապարտեն։ Նախախնամութեան տնօրինութեամբ՝ իբրեւ համավճիռը կ'ուշանայ մինչեւ 24 Հոկտեմբեր 1914-ի խաղաղութեան արշալոյսը, երբ անգլիական բանակը Հալէպ կը մտնէ եւ նոյն օրը ազատ կ'արձակէ զինք ու բոլոր բանտարկեալները։

Հակառակ իր կամքին, Բերիոյ Թեմի Ազգային իշխանութիւնը կրկին զինք կը կոչէ Առաջնորդական Փոխանորդի ծանր պաշտօնին, զոր կը վարէ մինչեւ 23 Ապրիլ 1923, միշտ օգտակար դառնալով եկուոր հայութեան։ Իր քահանայութեան ընթացքին, նախանձախնդիր եղա է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։ Իր յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ, 1912-ին Պէյրանի հարիւր քսանութ հայ կաթոլիկները դարձուցած է մայրենի եկեղեցւոյ ծոցը։ Կրօնական առաքելութեան ընթացքին արկած մը ունենալով անկողնոյ կը ծառայէ քանի մը ամիս։ Բուժուելէ ետք, կը վերսկսի իր քահայանագործութեան։

6 Ապրիլ 1927-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ժամերգութեան ընթացքին Տէր Յարութիւն անակնկալ արեան գերճնշումի հետեւանքով յանկարծամահ կ'ըլլայ, առանց բառ կարենալ արտասանելու։

Այսպէս, հրաժեշտ կու տայ եկեղեցւոյ եւ իր սիրեցեալ հօտին։ Իր վաղահաս մահը կը ցնցէ իր ժողովուրդը։ Մեծ շուքով կը կատարուի թաղումը։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենայ յաջորդ օրը, հազարաւոր հաւատացեալներու աջահամբոյրէն ետք, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի, որ տպաւորիչ ու յուզիչ դամբանականով մը վեր կ'առռնէ այս նուիրեալ քահանային արժանիքներնու տարիներու անսակարկ ծառայութիւնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու հայ ազգին։ Մարմինը կ'ամփոփուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 53-54-55-56-57։