Յայսմաւուրք (եկեղեցական գիրք)

Յայսմաւուրք կամ Վարք Սրբոց (յունարէն՝ Συναξάριον, սինիքսարիոն, լատինատառ յունարէն՝ Synaxarion, «συνάγειν» սինային բառէն, որ կը նշանակէ՝ «ի մի բերել», լատիներէն՝ Synaxarium, Synexarium; եգիպտերէն-ղպտերէն՝ ⲥⲩⲛⲁⲝⲁⲣⲓⲟⲛ, կէէզերէն-դասական եթովպերէն՝ ሲናክሳሪየም, արաբերէն՝ ٱلسِّنْكِسَارُ/ٱلسَّنْكِسَارُ/ٱلسِّنَكْسَارُ, լատինատառ արաբերէն: As-sinkisār/As-sankisār/As-sinaksār[1][2][3]) (յոգնակի՝ Յայսմաւուրաց կամ Յայսմաւուրց) Սուրբերու վարքը եւ օրուան տօնը պարունակող եկեղեցական հաստափոր եւ ծաւալուն գիրք։

Յայսմաւուրքին մէջ տօնացոյցի յաջորդութեան կարգով զետեղուած են սուրբերու եւ վկաներու(քրիստոնէական իմաստով) վարքերն ու վկայաբանութիւնները։ Ատենօք եկեղեցիներուն մէջ կը կարդացուէր որեւէ սուրբի մը կամ վկայի մը կեանքը անոր տօնին նախօրեակի երեկոյին, ժամասացութենէն առաջ։ Յայսմաւուրք անունը առաջացած է «յայսմ աւուր» բառի ամեն օր երկու անգամ կարդացուելէն. օրինակ՝ «օգոստոսի 15. Յայսմ աւուր տօն է …», վարքագրութիւնը վերջանալէն ետք՝ «օգոստոսի 16. Յայսմ աւուր տօն է …, որ ի վաղուեան երեկոյին ընթերցեալ լինի»)։ Յայսմաւուրքը կը կարդային ատեանին մէջ, ծալապատիկ նստած։ Անոր ընթերցումը այժմ վերացած է հայաստանեայց եկեղեցիներուն մէջ։[4]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Team Almaany։ «ترجمة و معنى السنكسار بالإنجليزي في قاموس المعاني. قاموس عربي انجليزي الكل مصطلحات صفحة 1»։ www.almaany.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-09-24 
  2. Team Almaany։ «ترجمة و معنى السنكسار بالإنجليزي في قاموس المعاني. قاموس عربي انجليزي الكل مصطلحات صفحة 1»։ www.almaany.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-09-24 
  3. «السنكسار بحسب الكنيسة المارونية»։ www.mecliban.com։ արտագրուած է՝ 2022-09-24 
  4. «Nayiri.com»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024-01-10