Յամրուկներ

Յամրուկը կամ` Յամրագնացը (անգլերէն՝ Sloths, Bradypus tridactylus, ֆրանսերէն՝ paresseux) քիչ շատ կապիկի կը նմանի, ոտքներուն ծայրը 3 հատ երկար մանգաղաձեւ ճիրաններ ունի, որոնցմով ծառերու ոստերու վրայէն կը կախուի:

Առջեւի եւ կողմնակի ակռաներ չունին, միայն վերի կզակին երկու կողմը 5ական, իսկ վարի կզակին վրայ 4ական կլոր աղօրիքներ ունի։

S is for Sloth.png

Յամրուկները Պրազիլի ծառերուն վրայ՝ ասոնց մեծ տերեւներովն ու պտուղներովը կ'ապրին, եւ գրեթէ երբեք անկէ վար չեն իջներ, երկայն ճերաններուն պատճառաւ հասարակ գետնի վրայ չեն կրնար քալել[1]։

Դանդաղաշարժ եւ տխուր անասուններ են, ասոնց մտաւոր կարողութիւնն ալ շատ նուազ է, երբեմն-երբեմն ողբաձայն կը կռնչեն, եւ հաւանաբար ցօղէն զատ ուրիշ ջուր չեն խմեր։ Նոր բարդութեամբ Հեղգեղէ կ'անուանեն ոմանք այս անասունը, բայց ճիշդ չէ . վասն զի երէ՝ որսի անասուն է:

Անուանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դանդաղ, մեթոտական շարժումներն են, որ յամրուկին կու տան այս անունը։ Այդպէս է նաեւ պարագան այլ լեզուներով, օրինակ` ֆրանսերէնով paresseux, անգլերէնով sloth, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ծուլութիւն»[2]։

Յամրուկներուն յիշողութիւը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յամրուկը աշխարհի ամենավատ յիշողութիւն ունեցող 10 անասուններուն կարգին է[1]։

Զարմանալի չէ, որ յամրուկները հիանալի յիշողութիւն մը չունին: Հազուադէպ չէ, որ անոնք ունենան այնպիսի վատ տեսողական յիշողութիւն, որ իրենց ձեռքերը շփոթեն ծառի ճիւղերուն հետ, մէկ ձեռքով բռնեն միւսը, իյնան ծառէն ու սատկին: Աւելի վատը, որ կարճաժամկէտ յիշողութիւնը եւ մոռացկոտութիւնը այս արարածին հիմնական մարտահրաւէրներն են:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Nowatschin Jan (2022-04-14)։ «10 Animals with the Worst Memory in the World»։ Animals Around The Globe (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023-03-17 
  2. «Գետ-Գիտութեան. Աշխարհի Ամենավատ Յիշողութիւն Ունեցող 10 Անասունները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-17 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պատկերազարդ Բնական Պատմութիւն՝ Կենդանաբանութիւն, Հ. Գաբրիէլ Վ․  Մէնէվիշեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1897, էջ 95: