Jump to content

Յակոբ Տէր Յովհաննէսեան

Յակոբ Տէր Յովհաննէսեան
Ծնած է 5 Փետրուար 1890(1890-02-05) կամ 5 Փետրուար 1886(1886-02-05)
Ծննդավայր Էօ­տէ­միշ, Իզմիրի մարզ, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Յակոբ Տէր Յովհաննէսեան (5 Փետրուար 1890(1890-02-05) կամ 5 Փետրուար 1886(1886-02-05), Էօ­տէ­միշ, Իզմիրի մարզ, Թուրքիա - 1915), հայ բժիշկ, քաղաքական գործիչ։

Ծնած է 1886/1890 թուականի Փետր­ուա­ր 5-ին Կիլիկիոյ Էօտէմիշ աւանին մէջ։ Աւարտած է ծննդավայրի Ս. Մեսրոպեան, ապա՝ Սեն Ժոզեֆ վարժարանները։ Որոշ ժամանակ աշխատած է իբրեւ գրագիր։ Այնուհետեւ շրջագայած է Փոքր Հայքի շարք մը հայաշատ քաղաքներ եւ զբաղած ՀՅԴ-ի գաղափարներու քարոզչութեամբ։ 1910-1914 թուականներուն ուսանած է Պէյ­րութի Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժնէն ներս։ Ամրան աւարտած է ուսումը եւ սպասած, որ աշնան յանձնէ աւարտական քննութիւնները։

1913 թուականի Նո­յեմ­բե­րին Պէյ­րութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ կատարած է ՀՅԴ հիմնադիրներէն մէկուն՝ 1913 թուականի Հոկ­տեմ­բե­ր 27-ին մահացած, Սիմոն Զաւարեանի սգահանդէսի ատենապետի պարտականութիւնը։ Եղած է բժիշկ Գաբրիէլ Անսուրեանի մտերիմ ընկերը։ Եղած է Ճարտասան եւ բեմախօս։ Ունեցած է աշխատասէր, քիչ մը ջղագրգիռ բնաւորութիւն։

1915 թուականի գարնան ձերբակալուած է ու շղթայակապ տեղափոխուած է Զմիւռնիոյ (Իզմիր) բանտը եւ կուսակցական գաղտնիքներ կորզելու նպատակով աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուած է։ 1915 թուականի Դեկ­տեմ­բե­ր 3-ին, 60 բանտարկուած հայ մտաւորականներու ու կուսակցականներու շարքին, աքսորուած է Իսլահիէ։ 1915 թուականին սպանուած է Իսլահիէի մէջ՝ թուրքերու բարբարոսական տանջանքներուն ենթարկուելէ ետք, մօտ 27 տարեկան հասակին։

  • Լազեան Գաբրիէլ, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, Գա­հի­րէ, 1949։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գեր­սամ Ահա­րո­նե­ան, Պէյրութ, 1965։
  • Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն տարեգիրքը, ԺԲ. տարի, 1965, Պէյրութ, 1966։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապ­րիլ 24, 1985։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։