Յակոբ Գազազեան
Յակոբ Գազազեան թրք.՝ Agop Kazazyan Paşa | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1836 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1891 |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | պաշտօնեայ, քաղաքական գործիչ, պետական գործիչ |
Աշխատավայր | Բանկ Օտոման? |
Վարած պաշտօններ | Ելեւմուտքի Նախարար |
Յակոբ Փաշան Գազազեան (1836, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1891, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), տնօրէն եւ երեսփոխան:
Կեանք եւ Գարծունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ծնած էր 1831-ին: Եղած է բարձր կրթութեան տէր. ֆրանսերէնի ու թրքերէնի հմուտ պետական յարգուած պաշտօնեայ մը: Երիտասարդութեան շրջանին նախ կը վարէ Օսմանեան Դրամատան (Պանք Օթօման) թարգմանութեան բաժինի տնօրէնութիւնը, ապա` երբ սուլթան Համիտ գահ կը բարձրանայ, Օսմանեան Ա. խորհրդարանի երեսփոխան կ՛ընտրուի[1]: Մաս կը կազմէ նաեւ Պետական Խորհուրդին:
Այնքան պարկեշտ ու վստահելի անձնաւորութիւն մըն կ՛ըլլայ որ` շուտով, սուլթանին անձնական գանձերուն «Բարեկարգիչ Յանձնաժողով»ին անդամ կը դարձնեն զինք: Աւելի ուշ` իրեն կը վստահուի սուլթանին «Անձնական գանձեր»ու տնօրէնի պաշտօնը, 1879-ին: Կարճ ժամանակ անց այս «տնօրէն»-ի կարգավիճակը Համիտի իսկ որոշումով շուտով նախարարութեան կը վերածուի, ու Գազազեան փաշան ատոր անդրանիկ նախարար կը նշանակուի[2]:
Յակոբ փաշային թելադրանքով` երկրին տարածքին բազմաթիւ լքեալ գոյքեր Անձնական Գանձերու Նախարարութեան անունին կ՛արձանագրուին: Կարճ ժամանակի ընթացքին` սուլթանին հասոյթները աննախընթաց աճ կ՛ապրին:
Սուլթան կը գնահատէ Գազազեան փաշայի հաշուապահական մանրակրկիտ հսկողութիւնը ու անոր կը վստահի նաեւ երկրին ելեւմտից նախարարի պաշտօնը («Մալիյէ»), 1886-ին[3]: Յակոբ փաշա դրամատնային նորարարութիւններ կը բերէ, դրամատոմսի (չէք) կիրարկութեան կը ձեռնարկէ, երկրին արտաքին պարտքերու տոկոսները կը զեղչէ: Թէեւ պետական շրջանակներու մէջ նախանձողներ ու բանսարկուներ ալ կ՛ունեցայ, սակայն սուլթանը միշտ կը գնահատէ զինք ու կը պարգեւատրէ շքանշաններով:
Գազազեան փաշային հռչակը կը հասնի մինչեւ Եւրոպա, ու յաջորդող տարիներուն եօթը երկիրներէ 30-ի չափ շքանշաններու արժանի կը նկատուի: Գործօն տնտեսագէտ-դիւանագէտ մըն եղած է, տեւաբար կը մասնակցած՝ պալատի արարողակարգային այցելութիւններուն եւ ընդունելութիւններուն: Բնաւ անտես չէ առած իր համայնքն ալ. իր միջնորդութիւններով եւ կարելիութիւններով` օգտակար եղած է Ազգ. Պատրիարքարանին ու պոլսահայութեան:
1891-ին սուլթանին նուիրած նժոյգը իր մահուան պատճառ կը դառնայ: Ձին արկածի կ՛ենթարկուի եւ Յակոբ փաշա կեանքը կը կորսնցնէ, 60 տարեկան հասակին: