Յակոբ Ասլանեան
| Յակոբ Ասլանեան | |
|---|---|
| Ծննդավայր | Եւդոկիա |
| Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Յակոբ Ասլանեան, (, Եւդոկիա)։
11 տարեկանին գաղթած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատիլ ոսկերչական շուկային մէջ, իբր յօրինող արուեստագէտ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակէ այս ասպարէզը։
Մեծ հիացում ունեցած է գրականութեան հանդէպ եւ այս ուղղութեամբ ինքզինքը զարգացուցած։ Ինքնաշխատութեամբ սորված է հայերէն կարդալ-գրել։
Երիտասարդ տարիքին գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ թրքերէն լեզուով։
Իր ամէնամեծ փափաքը իրականացած է 1985-ին, երբ իր մէկ գրութիւնը տարած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին, խնդրելով որ հրատարակէ զայն։ Վեհոգի գրագէտը սիրով ընդառաջած է անոր խնդրանքին եւ քաջալերած է որ շարունակէ գրել։
Եւ այսպիսով Յակոբ Արսլանեան ցարդ կը շարունակէ գրել թրքերէնով եւ իր գրութիւնները կը թարգմանուին հայերէնի։ Տպաւորիչ կերպով կը պատմէ իր յուշերը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։