Jump to content

Յակոբ Ալոճեան

Յակոբ Ալոճեան
Ծնած է Պոլիս
Ծննդավայր Պարտիզակ (Քոճայելի)
Մահացած է 1971
Ազգութիւն Հայ
Աշխատավայր գրող

Յակոբ Ալոճեան (1878, Պարտիզակ (Քոճայելի) - 1971), վկայուած պոլսահայ ուսուցիչ է։ 1910-էն մինչեւ 1920, Յ. Ալոճեանը եղած է Պարտիզակ խմբագրականին[1] եւ Պոլիս տպուած Փարոս ամսաթերթի խմբագրապետը։

Հրատարակած է «Երիտասարդ» անուն բարոյաշունչ գրքոյկը 1908-ին։

1932-ին Սելանիկի մէջ Քաղաքացիական կրթութիւն անուն դպրոցական դասագիրք մը hրատարակած է։

Անտիպ կը մնան հետեւեալ ձեռագիրները. «Իսկական պատմութիւն Հայերու». սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը երկու հատոր (որ մէկը անգլերէն գրուած է եւ կը կոչուի «The Armenian Church»։ Նաեւ կայ «Աշխարհի տասը կրօնքները» (ուսումնասիրութիւն), «Ամէնուն համար» (Առողջապահական), «Կրօնի դասեր» (Հին եւ Նոր Ուխտի), «Մայրենի բարբառ» Ա.Բ.Գ., «Հատընտիրք Հայ Գրականութեան» (մասն Ա.), «Պարտիզակ սկիզբէն մինչեւ 1922», «Ի՞նչպէս աքսորուեցանք» եւ վերջապէս «Երկրաչափութիւն» (Գործնական եւ տեսական)։

Յակոբ Ալոճեանը գրած է «Բազմավէպ», «Բիւզանդիոն», «Սուրհանդակ», «Ծաղիկ», «Մասիս», «Բիւրակն», «Հանրագիտակ», «Հայաստանի Կոչնակ», եւ այլ բազմաթիւ թերթերու մէջ գրական, ընկերական, ազգագրական, լեզուական հարցերու շուրջ յօդուածներ՝ ստորագրելով «Նշոյլ», «Զգօն Սիւնի», «Գեղամ Գրասէր», «Ռ. Ռոզմերի» եւ «Հայր Վարդաբոյր» ծածկանուններով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. toros9 (2016-07-12)։ «Պար­տի­զակ հա­յա­քա­ղա­քը»։ Azat Or (Հայերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-05-21 
  • Հայ հանրագիտակ, Հ.Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 (էջ 70)