Jump to content

Հանրագիտարան

1902 թ. Պրոքհաուսի հանրագիտարանը
Հայկական սովետական հանրագիտարան

Հանրագիտարան, համայնագիտական մատչելի տեղեկատու, որ առաւել էական տեղեկութիւն կը պարունակէ գիտելիքներու կամ հմտական եւ գործնական գործունէութեան բոլոր (համապարփակ) կամ առանձին (ճիւղային) բնագաւառներուն վերաբերեալ[1]։

Հայերէն Հանրագիտարան (հանր (հանրային, ընդհանուր) + ա (յօդակապ) + գիտ (գիտելիք, գիտութիւն) + արան (տեղ բնորոշող գոյականակերտ վերջածանց)) բառը (Տեղեկատու ձեռնարկ գիտութեան բոլոր կամ առաձին ճիւղերու մասին[2]) աշխարհի շատ լեզուներով կը հնչէ «էնսեքլոփետիա» կամ «էնսայքլոփիտիա» եւ տառադարձուած է հին յունարէն «ἐγκυκλοπαιδεία»[3] բառէն, որ յառաջ եկած է կամ ծագում առած է «ἐγκύκλιος παιδεία»[4] «էնքիուքլիոս փայտիա» արտայայտութենէն («էնքիուքլիոս»(ἐγκύκλιος), որ կը նշանակէ «համապարփակ» կամ «շրջանառուած» իսկ «փայտիա» (παιδεία)[5] կը նշանակէ «մանկավարժութիւն»[6]))։ Արտայայտութիւնը տառացիօրէն կարելի է թարգմանել «համապարփակ կրթութիւն» կամ «գիտելիքներու ընդհանուր ուսուցում» (knowledge of general education)։

Հանրագիտարանը յիրաւի նպատակ ունի հաւաքել ամբողջ աշխարհի տարածուած գիտելիքները, որոնք ընդհանրացուած համակարգով մեր ժամանակակիցներուն ներկայացնելու եւ մեզմէ ետք եկողներուն փոխանցելու համար, որպէսզի անցած դարերուն աշխատանքը անօգուտ չըլլայ գալիք դարերուն համար եւ մեր զաւակները աւելի լաւ իրազեկուած ու կրթուած ըլլալով, միեւնոյն ժամանակ նաեւ աւելի շնորհալի ու երջանիկ ըլլան եւ վերջապէս, որպէսզի մենք չմեռնինք ու կորսուինք առանց գալիք ժամանակներու մարդկային ցեղին որեւէ օգտակար ծառայութիւն մատուցելու։
- Տենի Տիտրոօ[7]
1541 թ, Պազելի մէջ տպագրուած գիրքի տիտղոսաթերթը, ուր առաջին անգամ օգտագործուած է «քիքլոփետիա» բառը

Հանրագիտարան Ընդհանուր Հասկացութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէպէտեւ գիտելիքներու հաւաքական ամբողջութեան գաղափարը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, «քիքլոփետիա» եզրը որպէս գիրքի վերնագիր առաջին անգամ օգտագործուած է 1541-ին՝ Ճոաքիմուս Ֆորթիուս Ռինկելպերկիուսի կողմէ, «Lucubrationes vel potius absolutissima kyklopaideia» (Պազել, 1541)։ «Ինսեքլոփետիա» կամ «ինսայքլոփիտիա» բառը առաջին անգամ որպէս գիրքի վերնագիր օգտագործուած է խրուաթ իէնսեքլոփետիստ Փաւաօ Սքալիքին կողմէ «Encyclopaedia seu orbis disciplinarum tam sacrarum quam prophanarum epistemon» (Գիտական առարկաներու աշխարհի գիտելիքներու ինցիկլոփետիա, Պազել,1559): Խօսակցութեան մէջ յայտնի ամէնահին օգտագործումներէն մէկը եղած է Ֆրանսուա Ռապլէի «Փանթակրիւէլ» գիրքին մէջ 1532-ին[8]։

21-րդ դարուն, թուային եւ բաց աղբիւրով (open-source) տարբերակներու յայտնութիւնը, ինչպիսին է Ուիքիփետիան (ուիքի կայքէջի ձեւաչափին հետ միասին), հսկայականօրէն ընդլայնած է հանրագիտարանային գրառումներու մատչելիութիւնը, հեղինակային կազմը, ընթերցողներու թիւն ու բազմազանութիւնը[9]:

Ժամանակակից հանրագիտարանը զարգացած է 18-րդ դարու բառարանէն. այս ժառանգականութիւնը կարելի է տեսնել տպագիր հանրագիտարաններու այբբենական կարգին մէջ: Պատմականօրէն, թէ՛ հանրագիտարանները եւ թէ՛ բառարանները կազմուած են բարձրագոյն կրթութիւն ստացած հեղինակներու կողմէ, սակայն անոնք կառուցուածքային զգալի տարբերութիւններ ունին: Բառարանը լեզուաբանական աշխատութիւն մըն է, որ գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ բառերու այբբենական ցանկին եւ անոնց սահմանումներուն վրայ: Հոմանիշ բառերը կամ նոյն նիւթին առնչուող եզրերը բառարանին մէջ ցրուած վիճակի մէջ կը գտնուին, ինչ որ առիթ չի տար նիւթի խորքային քննարկման: Հետեւաբար, բառարանը սովորաբար սահմանուած բառին վերաբերեալ կու տայ սահմանափակ տեղեկութիւն, վերլուծութիւն կամ նախապատմութիւն: Թէեւ անիկա կրնայ սահմանում մը առաջարկել, սակայն ընթերցողը կրնայ թերի մնալ եզրոյթի իմաստը, կարեւորութիւնը կամ սահմանափակումները հասկնալու հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ թէ տուեալ եզրոյթը ինչպէ՛ս կը կապուի գիտելիքի աւելի լայն բնագաւառի մը հետ:

Այս կարիքները հոգալու համար, հանրագիտարանային յօդուածը սովորաբար չի սահմանափակուիր պարզ սահմանումներով կամ առանձին բառի մը բացատրութեամբ, այլ կու տայ նիւթի մը կամ գիտակարգի (discipline) աւելի ընդարձակ իմաստը: ըստ «Մերիըմ-Ուեպսթըր» (Merriam-Webster) բառարանի սահմանման՝ հանրագիտարանը «աշխատութիւն մըն է, որ կը պարունակէ տեղեկութիւններ գիտելիքի բոլոր ճիւղերու մասին կամ համապարփակ կերպով կը քննէ գիտելիքի որոշակի բնագաւառ մը՝ սովորաբար այբբենական կարգով եւ յաճախ ըստ նիւթի դասաւորուած յօդուածներով»: Բացի նիւթի սահմանումէն եւ հոմանիշ եզրերու թուարկումէն, յօդուածը կրնայ աւելի խորութեամբ քննել նիւթին ընդարձակ իմաստը եւ փոխանցել տուեալ հարցին շուրջ կուտակուած ամենակարեւոր գիտելիքները: Հանրագիտարանային յօդուածը յաճախ կը ներառէ նաեւ բազմաթիւ քարտէսներ եւ պատկերազարդումներ, ինչպէս նաեւ մատենագիտութիւն ու վիճակագրական տուեալներ:

Բացի այդ, երբեմն որոշակի հանրագիտարանէ մը քաղուած յօդուածներու հաւաքածոյէն (ամբողջական կամ մասնակի) կը կազմուին առանձին գիրքեր կամ ընթերցանութեան ցանկեր:

Չորս Հիմնական Տարրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանրագիտարանը կը սահմանուի չորս հիմնական տարրերով՝ իր նիւթը (բովանդակութիւնը), ընդգրկումը (scope), դասաւորման եղանակը եւ արտադրութեան (ստեղծման) մեթոտը.

  1. Նիւթը. Հանրագիտարանները կրնան ըլլալ ընդհանուր՝ պարունակելով յօդուածներ իւրաքանչիւր բնագաւառի վերաբերեալ (անգլերէն «Էնսայքլոփիտիա Պրիթանիքա»-ն (Encyclopædia Britannica) եւ գերմաներէն «Պրոքհաուզ»-ը (Brockhaus) յայտնի օրինակներ են): Ընդհանուր հանրագիտարանները կրնան ներառել ուղեցոյցներ՝ զանազան գործնական հմտութիւններու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ներկառուցուած բառարաններ ու տեղանուններու ցանկեր (gazetteers): Կան նաեւ հանրագիտարաններ, որոնք կը քննեն բազմազան նիւթեր՝ որոշակի մշակութային, էթնիք կամ ազգային տեսանկիւնէ, ինչպէս՝ «Մեծ սովետական հանրագիտարանը» կամ «Հրէական հանրագիտարանը» (Encyclopaedia Judaica):
  2. Ընդգրկումը. Հանրագիտարանային ընդգրկում ունեցող աշխատութիւնները նպատակ ունին փոխանցել տուեալ բնագաւառի (օրինակ՝ բժշկութեան, փիլիսոփայութեան կամ իրաւաբանութեան) կուտակուած կարեւոր գիտելիքները: Այս աշխատութիւնները կրնան տարբերիլ նիւթի լայնութեամբ եւ քննարկման խորութեամբ՝ կախուած թիրախային լսարանէն:
  3. Դասաւորման Եղանակը. Դասաւորման որոշակի համակարգուած մեթոտները էական են հանրագիտարանը որպէս տեղեկատու օգտագործելի դարձնելու համար: Պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած են տպագիր հանրագիտարաններու դասաւորման երկու հիմնական ձեւեր՝ այբբենական (բաղկացած քանի մը առանձին յօդուածներէ՝ դասաւորուած այբբենական կարգով) եւ դասաւորում ըստ աստիճանակարգուած (hierarchical) բնագաւառներու: Առաջին մեթոտը այսօր աւելի տարածուած է, յատկապէս ընդհանուր բնոյթի գործերու պարագային: Սակայն, ելեկտրոնային միջոցներու ճկունութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ նոյն բովանդակութիւնը դասաւորելու տարբեր եղանակներով: Աւելին, ելեկտրոնային միջոցները կ'ընձեռեն որոնման, համակարգման (indexing) եւ յղումներու (cross reference) նոր կարողութիւններ: 18-րդ դարու «Հանրագիտարանի» (Encyclopédie) տիտղոսաթերթին վրայ զետեղուած Հորատիոսի բնաբանը կը շեշտէ կառուցուածքի կարեւորութիւնը. «Ի՜նչ շնորհ կրնայ աւելնալ հասարակ նիւթերուն՝ կարգի ու կապակցութեան զօրութեամբ»:
  4. Արտադրութեան Մեթոտը. Ժամանակակից բազմամիջոց (multimedia) ու տեղեկատուական դարաշրջանի զարգացման հետ մէկտեղ, ի յայտ եկած են տեղեկութիւններու հաւաքման, ստուգման, ամփոփման եւ ներկայացման նոր մեթոտներ: Նախագիծեր, ինչպիսիք են՝ Interpedia-ն, Everything2-ը, Microsoft Encarta-ն, h2g2-ն եւ Wikipedia-ն, հանրագիտարանի նոր ձեւերու օրինակներ են, քանի որ տեղեկատուութեան ստացումը (information retrieval) դարձած է աւելի պարզ: Հանրագիտարաններու ստեղծման մեթոտը պատմականօրէն աջակցութիւն ստացած է թէ՛ շահոյթ հետապնդող եւ թէ՛ ոչ-շահութաբեր միջավայրերու մէջ. օրինակ՝ վերոյիշեալ «Մեծ սովետական հանրագիտարանը» ամբողջութեամբ պետական հովանաւորութիւն ունէր, մինչդեռ «Պրիթանիքա»-ն կը գործէր որպէս շահութաբեր հաստատութիւն:

Հանրագիտական Բառարաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որոշ աշխատութիւններ, որոնք կը կրեն «բառարան» տիտղոսը, իրականութեան մէջ նման են հանրագիտարաններու. ասիկա յատկապէս կը վերաբերի որոշակի բնագաւառի մը նուիրուած գործերուն (ինչպէս՝ «Միջնադարի բառարանը», «Ամերիկեան ռազմածովային նաւերու բառարանը» եւ «Պլեքի իրաւաբանական բառարանը»): Աւստրալիոյ ազգային բառարանը՝ «Մաքուորի բառարանը» (Macquarie Dictionary), իր առաջին հրատարակութենէն ետք վերածուեցաւ հանրագիտական բառարանի՝ ընդունելով հասարակ հաղորդակցութեան մէջ յատուկ անուններու եւ անոնցմէ ածանցուած բառերու գործածութիւնը:

Տարբերութիւններ Հանրագիտարաններու եւ Բառարաններու Միջեւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանրագիտարաններու եւ բառարաններու միջեւ կան որոշ ընդհանուր տարբերութիւններ: Ամենատեսանելի տարբերութիւնն այն է, որ հանրագիտարանային յօդուածները աւելի երկար են, աւելի բովանդակալից եւ աւելի մանրակրկիտ, քան ընդհանուր նշանակութեան բառարաններու բացատրութիւնները:

Տարբերութիւններ կան նաեւ բովանդակութեան մէջ.

  • Բառարանները կու տան լեզուաբանական տեղեկութիւններ բուն բառերուն մասին:
  • Հանրագիտարանները աւելի շատ կը կեդրոնանան այն հասկացողութիւններուն (concepts) վրայ, զորս այդ բառերը կը ներկայացնեն:

Հետեւաբար, մինչ բառարանային բացատրութիւնները անքակտելիօրէն կապուած են նկարագրուող բառին, հանրագիտարանային յօդուածները կրնան ունենալ տարբեր վերնագիրներ: Այդ իսկ պատճառով, բառարանային բացատրութիւնները միշտ չէ, որ լիովին թարգմանելի են այլ լեզուներու, մինչդեռ հանրագիտարանային յօդուածները կրնան թարգմանուիլ:

Գործնականին մէջ, սակայն, այս սահմանազատումը բացարձակ չէ, քանի որ չկայ յստակ տարբերութիւն փաստացի «հանրագիտական» տեղեկութեան եւ բառարաններուն մէջ սովորաբար հանդիպող լեզուաբանական տեղեկութեան միջեւ: Այսպիսով, հանրագիտարանները կրնան պարունակել նիւթեր, որոնք առկայ են բառարաններու մէջ, եւ հակառակը. յատկապէս բառարանային բացատրութիւնները յաճախ կը ներառեն փաստացի տեղեկութիւններ այն մասին, թէ ինչի՛ կը վերաբերի տուեալ բառը[11][12]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայկական Հանրագիտարան - Հանրագիտարան և բառարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-06
  2. Ժամանակակից հայոց լեզվի բացատրական բառարան, հատոր 3, Հայկական ՍՍՀ Գիտություններիր ակադեմիա, Երեւան, Գլխավոր խմբագիր Հ.Բ.Ջահուկյան, 1974
  3. Ἐγκυκλοπαιδεία, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, at Perseus project
  4. Eγκύκλικος παιδεία, Quintilian, Institutio Oratoria, 1.10.1, at Perseus project
  5. Eγκύκλιος, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, at Perseus project
  6. Παιδεία, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, at Perseus project
  7. Denis Diderot and Jean le Rond d'Alembert Encyclopédie. University of Michigan Library:Scholarly Publishing Office and DLXS. Retrieved on: November 17, 2007
  8. Sorcha Carey (2003)։ «Two Strategies of Encyclopaedism»։ Pliny's Catalogue of Culture: Art and Empire in the Natural History։ Oxford University Press։ էջ 17։ ISBN 0199259135
  9. Hunter Dan, խմբգր․ (2014)։ Amateur media: social, cultural and legal perspectives։ London: Routledge։ ISBN 978-0-415-78265-4
  10. (անգլերեն) Encyclopedia, 2026-04-07, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Encyclopedia&oldid=1347595202, վերցված է 2026-04-09
  11. Hartmann Reinhard R. K., James Gregory (2001)։ Dictionary of lexicography (1. publ. in paperback հրտրկթն․)։ London: Routledge։ ISBN 978-0-415-14143-7
  12. Béjoint Henri (2023)։ Modern lexicography: an introduction։ Oxford linguistics։ Oxford: Oxford University Press։ ISBN 978-0-19-829951-6