Մշակութային Ժառանգութիւն

Մշակութային ժառանգութիւնը, Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վիճակագրութեան հիմնարկին, կը ներառէ հնագոյն մշակոյթի մնացորդներ, յուշարձաններ, վայրերու եւ շինութիւններու ամբողջութիւններ (շէնքեր, քաղաքներ, ճարտարապետական մնացորդներ), ինչպէս նաեւ թանգարաններ, որոնք ունին խորհրդանշական, պատմական, գեղարուեստական, գեղագիտական, ցեղային-մարդաբանական, գիտական եւ ընկերային արժէքներ[1]:

Մշակութային ժառանգութիւնը կը ներառէ նաեւ շօշափելի (նիւթական) ժառանգութիւնը (շարժական, անշարժ եւ ստորջրեայ), եւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը (intangible cultural heritage, ICH)` մշակութային եւ բնական ժառանգութեան մնացորդներուն, վայրերուն կամ յուշարձաններուն ընդմէջէն: Սահմանումը կը բացառէ այն տեսակները, որոնք կապուած են փառատօններու, տօնակատարութիւններու կամ նման նախաձեռնութիւններու հետ: Կ'ընդգրկէ արդիւնաբերական ժառանգութիւնը եւ քարանձաւային նկարները:

Իրարմէ անքակտելի են մշակութային այս երկու տեսակի ժառանգութիւնները: Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան առանցքը կը կազմեն նաեւ ձայնագրութիւնները, բարբառը, ճաշը, ազգային տարազները, եկեղեցական ու տոհմիկ աւանդութիւնները, կատարողական արուեստը, պատմագրութիւնը, աւանդական արհեստները կամ նորօրեայ արհեստագիտական հմտութիւնները, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ[2]:

Հայկական Մշակութային ժառանգութեան Պահպանման Կազմակերպութիւններ Եւ Կեդրոններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1970-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ վկայագրման  ձեռնարկած է ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան (1941-2009)(1), որ 1982-ին Գերմանիոյ մէջ հիմնած է Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀՃՈՒ. Research on Armenian architecture; RAA):

1996-ին Լոս Անճելըսի մէջ կը ստեղծուի կազմակերպութեան ամերիկեան մասնաճիւղը, իսկ հայաստանեան գրասենեակը 1988-89-էն պաշտօնապէս կ'արձանագրուի կազմակերպութեան անդամակցած Արմէն Հախնազարեանի գործակից` յուշարձանագէտ եւ պատմաբան Սամուէլ Կարապետեանի ջանքերով, իսկ 2010-ին Երեւանի մէջ անիկա կը վերափոխուի հիմնադրամի:

Մինչեւ 2020 հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնն էր Սամուէլ Կարապետեանը, որուն մահէն ետք գրասենեակը կը կառավարուի տնօրէն խորհուրդով:

Նորօրեայ Մշակութային Եղեռնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

44-օրեայ պատերազմի պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայկական յուշարձան եւ եկեղեցի կ'ենթարկուի բռնագրաւման, ուր ազրպէյճանցիները զէնքով կը մտնեն, ազան կ'երգեն, արհամարհական բաներ կ'ընեն ու կը սրբապղծեն:

Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը 9 Մարտին կ'ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւ մը, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը` ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը` զայն նկատելով հայատեացութեան ծաւալող քաղաքականութիւն. նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնուի համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացման քաղաքականութեան ապագայ հետեւանքներուն մասին` զայն նկատելով կորուստ թէ՛ տուժած կողմին, թէ՛ ալ միջազգային հանրութեան:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]