Jump to content

Մկրտիչ Խանճեան

Մկրտիչ Խանճեան
Ծնած է 1872
Մահացած է 1945
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ

Մկրտիչ Խանճեան, բնիկ Տիգրանակերտցի, ծնած 1872-ին։ Պէյրութ հաստատուած է 1869-ին ուր ալ մեռած՝ 1945-ին։ Երկու եղբայրներ Յակոբ եւ Մկրտիչ նախ Տիգրանակերտէն Հալէպ կու գան եւ ապա Պէյրութ կը հաստատուին։

Մկրտիչ եղած է կօշկակարի վարպետ Պէյրութի կառավարական աշխատանոցը 6 տարի։ Ապա սկսած է իր անձնական գործը։ 1904-ին ամուսնացած է եւ ունեցած մէկ աղջիկ եւ երեք մանչ զաւակներ, Սամուէլ, Ժօզէֆ եւ Լեւոն։ Տօքթ. Սամուէլ, ճանչցուած Ֆուատ անունով, շրջանաւարտ է Պէյրութի ֆրանսական համալսարանէն 1928-ին։ Եղած է Շէֆ տը ֆլինիք եւ երկար ժամանակ կառավարական բժիշկ Իրաք եւ Քուրտիստան, ուր գտնուող հայերուն բազմաթիւ ծառայութիւններ մատուցած։ Տօքթ. Խանճեան կանոնաւոր կերպով կ'աշխատակցի ֆրանսերէն բժշկական թերթերու։ Խանճեան եղբայրներ ունին կոճակի արդիական գործարան մը որ իր տեսակին մէջ Մերձ. Արեւելքի լաւագոյններէն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։