Jump to content

Մկրտիչ Աղաւնունի

Մկրտիչ Աղաւնունի
Ծնած է 1863
Ծննդավայր Bahçecik, Օխու, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա
Մահացած է 24 Օգոստոս 1941(1941-08-24)
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն

Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունի (1863, Bahçecik, Օխու, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա - 24 Օգոստոս 1941(1941-08-24), Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն[1]), պատրիարքական փոխանորդ Ս. Աթոռոյ:

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պարտիզակ: Աշակերտած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը, Եղիշէ Դուրեան Վարդապետի տեսչութեան օրով, յետոյ կրօնի եւ թրքերէնի օգնական ուսուցիչ եղած է նոյն վարժարանին մէջ:

Սարկաւագութեան ընթացքին, ուսուցիչ եղած է Ատափազար եւ Նիկոմիդիա, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ Նիկոմիդիոյ, վերաշինել տուած է Չէնկիլէրի Ս. Մինաս եկեղեցին, ժողովրդային նպաստներով: Եղած է առաջնորդ Քէօթահիայի եւ Աֆիոն-Գարահիսարի (1895-1905), իր այս պաշտօնավարութեան ընթացքին կառուցանել տուած է Էսքիշէհիրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ օծումը կատարած:

1905-1912 թուականներու միջեւ եղած է Եգիպտոսի առաջնորդ:

1910 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք, կը հրաժարի Եգիպտոսի առաջնորդութենէն եւ Պոլիս վերադառնալով, անդամ ընտրուած է Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին:

1012-1914 թուականներուն քննիչ նշանակուած է Պանտըրմայի ընտրական գործոց եւ վարած է Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը:

Պատերազմի ընթացքին, 1916 թուականին, ընդհանուր ուրիշ վեց եկեղեցականներու հետ, Պոլիսէն կը տարագրուի Ս. Յակոբայ վանքը: 1921 թուականին Միաբանական ժողովի որոշմամբ, միաբան ընտրուած է, նախագահած է Դուրեան պատրիարքը ընտրող Միաբանական ընդհանուր ժողովին, եւ Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյ մէջ Դուրեանի գահակալութեան առթիւ անոր կը մատուցանէ պատրիարքական ասան, եւ յանուն Միաբանական ընդհանուր ժողովի, ուղերձով կը շնորհաւորէ նորընտիր պատրիարքը:

1921-էն մինչեւ իր մահը վարած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօն, անդամակցելով նոյն ատեն Տնօրէն ժողովի:

1920-1933 թուականներուն դասախօսած է Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ՝ կրօնագիտական, եկեղեցակագիտական, բարոյագիտական եւ պատմական նիւթերու շուրջ: Իր յօդուածները սովորաբար տպագրուած են «Սիոն»ի մէջ[2]:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատարակուած է․

  • «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» գիրքը, 1931, Երուսաղէմ,
  • «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի», 1929,
  • «Սուրբ Երկրին սրբավայրերու աւանդութիւնները», 1936, ։

Ունի նաեւ անտիպ գործեր, որոնք նոյնպէս, խորագիրներէն դատելով, հայագիտական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ են[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]