Jump to content

Միքայէլ Քէշիշեան

Միքայէլ Քէշիշեան
Ծննդավայր Մելիտինէ, Մելիտինէի գաւառ, Խարբերդի նահանգ
Կրթութիւն Խար­բեր­դի Եփ­րատ գոլէճ
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կոչում հարյուրապետ

Միքայէլ Քէշիշեան (Մելիտինէ, Մելիտինէի գաւառ, Խարբերդի նահանգ - անյայտ), հայ բժիշկ

Ծնած է Խարբերդի նահանգի Մելիտինէի գաւառի կեդրոն՝ Մելիտինէ քաղաքին մէջ։ Դեղագործ Խոսրով Քէշիշեանի եղբայրն է, յարանուանութեամբ՝ աւետարանական։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ամերիկացի միսիոներներու Խարբերդի Եփրատ գոլէճին մէջ։ Ստացած է բժշկական կրթութիւն եւ որպէս բժիշկ աշխատած։ Մելիտինէի մէջ եղբօրը՝ Խոսրով Քէշիշեանին, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ սեփական դեղատուն բանալու։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, Օսմանեան իշխանութիւնները Միքայէլին ուղարկած են ռուսական ռազմաճակատ, որպէս բժիշկ՝ հարիւրապետի աստիճանով։ Այստեղ ան արագօրէն կազմակերպած է 200 մահճակալով զինուորական հիւանդանոց, ուր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է Օսմանեան բազմազգ բանակի վիրաւոր ու հիւանդ զինուորներուն, առանձնակի ուշադրութիւն դարձուցած է հայ զինուորներուն առողջութեան վերականգնման, զոր աննկատ չէ մնացած թուրքական զինուորական հրամանատարութեան ուշադրութենէն։ Զինք շուտով ձերբակալած ու բանտարկած են։ Սակայն քանի մը ամիս ետք, զգալով ռազմաբժշկական գործի հմուտ մասնագէտին կարիքը, թուրքերը ազատ կ՛արձակեն զինք եւ կրկին կը նշանակեն բանակի բժիշկ։ Միքայէլ կը յաջողի փախիլ Կովկասեան ռազմաճակատի թուրքական զինուորական հիւանդանոցէն եւ միանալ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի զօրամասին։ 1915–ին թուրքերը այդ մասին տեղեկանալով, անմիջապէս ձերբակալած են եղբօրը՝ դեղագործ Խոսրովին եւ 1915 թուականի Յունիս 15-ին, Մելիտինէի բանտին մէջ կացնահարելով դաժանաբար սպանած։

  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Արաբկիրի հայոց, Պէյրութ, 1915։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Թէոդիկ, Գողգոթայ հայ հոգեւորականութեան, Նիւ Եորք, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։