Jump to content

Միքայէլ Սերեան (Պանդուխտ)

Միքայէլ Սերեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Յունան, Մուշ
Մահացած է 1920
Մահուան վայր Սարիղամիշ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն, Հայաստան
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Միքայէլ Սերեան (Պանդուխտ) (1884, Յունան, Մուշ - 1920, Սարիղամիշ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն, Հայաստան), հայ ռազմական գործիչ, ֆետայի, Հայաստանի երկրապահ զօրամասի հրամանատար: 1918 թուականի Սարդարապատի հերոսամարտի հրամանատարներէն մէկը: Ս․Դ․Հ․Կ․-ի մարտական դպրոցի ներկայացուցիչ։

Ծնած է Մշոյ դաշտի Յունան գիւղը 1884-ին, եւ այդ պատճառով յաճախ յիշուած է Մշեցի Պանդուխտ անունով: 1903 թուականին Յունան գիւղը Համիտեան ջարդերու օրերուն ոչնցացուած է, իսկ բնակչութիւնը՝ կոտորածի ենթարկուած։ Դեռ փոքր տարիքին, ականատես ըլլալով իր ծննդավայրին շուրջ պատահած թուրք-քրտական խժդժութիւններուն եւ ազդուելով անոնցմէ, կը զինուորագրուի հայ ազատագրական պայքարին: 1904-ին կը միանայ Սասնոյ ֆետայական շարժման`յարելով Դաշնակցութեան: 1905-ին, կը ներգրաւուի ամբողջ Անդրկովկասի մէջ բռնկած հայ-թաթարական կռիւներուն եւ ձեռք կը ձգէ մարտական հմտութիւն: 1906-ին յատուկ նպատակով կ'անցնի Պուլկարիա, ուր կը հետեւի զինուորական կրթութեան: Զինուորական Վարժարանի միամեայ դասընթացքներէն ետք կը դառնայ ռումբեր պատրաստելու մասնագէտ: Մինչ այդ Հ.Յ.Դ.-էն ներս տեղի կ'ունենան ցնցումներ եւ գաղափարական տարակարծութիւններ, որու պատճառով անկէ կը հեռանան Անդրանիկն ու Պանդուխտը:

Մեկնելով Պուլկարիա՝ Միքայէլը կը ստանայ զինուորական կրթութիւն։ Միքայէլ Սերեանը մասնակից եղած է Սասնայ շրջանի ինքնապաշտպանութեան։ 1909 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մասնակցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան համագումարին։ 1909 թուականին Ատանայի ջարդերու ժամանակ, Կոստանդնուպոլսոյ հայաշատ շրջաններում ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու նպատակով, շրջած է այդ շրջանները։

Մեկնելով Ամերիկա՝ կը նուիրուի քարոզչական-կազմակերպչական աշխատանքներուն Հնչակեան կուսակցութեան մէջ։ Վերջինիս գործունէութեան պատմական էջերէն յայտնի է, որ 1912 թուականին Միքայէլն այցելած է Շիքակօ, ուր բացած է ակումբ-գրադարան։ Եղած է դերասանական ակումբի հիմնադիր՝ Հնչակեան կուսակցութեան մէջ։

1915 թուականին կը դառնայ ամերիկահայ կամաւորականներու առաջին խումբի հրամանատար եւ կը հասնի Կովկասեան ռազմաճակատ։ Իր հրամանատարական գործունէութիւնը նախ սկսած է Կարսի մէջ՝ դառնալով Ամերիկայէն ժամանած հնչակեան 350 կամաւորներու հրամանատար։ Հրամանատարնե՝ր Գրիգոր Ավշարեանի մահէն եւ Հայկ Բժշկեանի վիրաւորուելէն յետոյ կը ստանձնէ այդ գունդի հրամանատարի պաշտօնը։

1915-1916 թուականներուն, Էրզրումի ինքնապաշտպանութեան օրերուն Միքայէլ Սերեանը շուրջ 1000 կամաւորներով կը դառնայ Փարատովի հրամանատարութեան տակ գտնուող ռուսական բանակի յառաջապահ։ 1917 թուականի Սեպտեմբերին Թբիլիսիի մէջ որպէս 6-րդ գունդի ներկայացուցիչ, Հայ ազգային համախորհրդակցութեան կը մասնակցի նաեւ Միքայէլ Սերեանը։ Երբ Ազգային բիւրոյի նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի Հայաստանի երկրապահ զօրամասը, հրամանատար կը նշանակուի Անդրանիկ Օզանեանը։ Ազգային ժողովի զինուորական կոմիտէի առաջարկով Միքայէլը կը նշանակուի Անդրանիկի բանակի մէկ զօրամասի հրամանատար։

1915 թուականին Միքայէլ Սերեանը գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ նաեւ Սարիղամիշի ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու գործին մէջ։ Իր 200 հեծեալներով Մայիս 27-ին Արագածի լանջին անակնկալ կերպով կը յարձակի թրքական բանակի թիկունքին վրայ եւ կ'ապահովէ հայերու յաղթանակը Սարդարապատի ճակատամարտին։ Այնուհետեւ իր զօրքով Զանգեզուրի մէջ կը միանայ Անդրանիկ Օզանեանին եւ յաղթական մարտեր կը մղէ Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի մէջ։

1920 թուականին Միքայէլ Սերեանը Սարիղամիշի մէջ կը թունաւորուի եւ կը մահանայ։ Մահուան կապացութեամբ Պուլկարիայի շրջանի «Պալքանեան մամուլը» կը գրէր. «Տարաբախտ ընկեր Պանդուխտի ընկերները դատական իշխանութիւններուն դիմելով կը պահանջեն, որ բացուի քննութիւն՝ Պանդուխտին թունաւորող դաշնակցականներուն երեւան հանելու համար եւ հետապնդում կատարուի ոճրագործներուն դէմ»։ «Երիտասարդ Հայաստան», «Նոր Սերունդ» մամուլները եւս կը պնդէին, որ Միքայէլ Սերեանի մահը ոճրագործութեան արդիւնք էր։

«Հրասիրտները» մատենաշարին երրորդ հատորը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սոյն հատորը նուիրուած է ռազմական-կուսակցական գործիչ Պանդուխտին: Անոր անունը թէեւ կը հոլովուի յատկապէս Սարդարապատի հերոսամարտին առիթով, սակայն Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան պատմագիտական ուսումնասիրութեամբ կը ներկայացնէ Սերեանի անցած կեանքի ուղին, հասարակական գործունէութիւնը, մարտական ճանապարհը եւ բազում այլ նիւթեր[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Միքայել Սերյան (Պանդուխտ), 2025-11-09, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AB%D6%84%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D5%AC_%D5%8D%D5%A5%D6%80%D5%B5%D5%A1%D5%B6_(%D5%8A%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%AD%D5%BF)&oldid=10553048, վերցված է 2025-11-14
  2. ««ՊԱՆԴՈՒԽՏ» (Միքայէլ Սերեան) (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԵՂԻԿ ՃԷՐԷՃԵԱՆ)»։ www.araraddaily.com։ արտագրուած է՝ 2020-03-24[permanent dead link]
  • Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան (1887-1962), հատ. Ա., խմբ. Ա. Կիտուր, Պէյրութ, 1962, 640 էջ։
  • Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան (1887-1962), հատ. Բ., խմբ. Ա. Կիտուր, Պէյրութ, 1963: