Jump to content

Միքայէլ Ղարակէօզեան

Միքայէլ Ղարակէօզեան
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Միքայէլ Ղարակէօզեան, 1915 թուականի Ապրիլին ձերբակալուած է Իթթիհատի ղեկավարներէն դոկտոր Պեհաէտտին Շաքիրի կազմած 58 ականաւոր հայ բժիշկներու ցուցակով։ Սպաննուած է 1915 թուականին, Տիգ­րա­նա­կեր­տի մօտակայքը։

1915 թուականին՝ Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժամանակ, զօրակոչուած է Օս­մա­նեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ Կար­սի ռազ­մա­ճա­կա­տէն փախած է Օսմանեան բանակէն, միացած՝ ռու­սա­կան զօրքին ու եկած է Կարս։ Կարսի ձորի, 3-րդ հայկական որբանոցի, բժիշկ եղած է։ 1920 թուականի Հոկտեմբերի վերջին օրերուն թուրք զինուորները մտած են ձորը եւ կրակ բացած են որբանոցին վրայ։ Այդ ընթացքին զոհուած է որբանոցի բժիշկ Գ. Սուրեանը։ Այնուհետեւ թուրքերը մտած են որբանոց ու կրակ բացած երեխաներուն ու մեծերուն վրայ։ Այստեղ քե­մա­լա­կան­ները անմարդկային ու սարսափելի շատ բաներ կատարած են, շատ երեխաներ ու քաղաքացիներ սպաննած են։ Բժիշկ Ղարաքէշիշեանին՝ ժանտարմները, տարած են իրենց հետ։ Բժիշկներ Գ. Սուրեանն ու Ղարաքէշիշեանը հրաշալի մարդիկ եւ փայլուն մասնագէտներ եղած են։

  • Ալեքսանդրեան Արտաշէս, Կարս 1920-21։ Երեւան,1986։
  • Ալեքսանդրեան Արտաշէս, Մղձաւանջ, Երեւան,2001։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։