Միհրան Բարունակեան

Միհրան Բարունակեան
Ծնած է 10 Յուլիս 1874(1874-07-10)
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Միհրան Բարունակեան (10 Յուլիս 1874(1874-07-10), Կեսարիա, Թուրքիա - անհայտ), հայ բժիշկ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կեսարիոյ ամերիկեան Միսիոնարական դպրոցը եւ միջնակարգ ուսումը՝ Արգէոս բարձրագոյն վարժարանը եւ Յիսուսեանց դպրոցը: 1888-ին պահ մը ուսուցչութիւն ըրած է Տոքթ. Երէցեանի դպրոցը: 1881-ին գացած է Ամերիկա, ուր յաճախած է Նիւ Ճըրզի Hackett’s Townի Centenna’y Collegiate Institueը մէկ տարի: 1892-ին կը մտնէ Նիւ Եօրքի Համալսարանին Բժշկական Գոլէճը, ուրկէ կը վկայուի 1895-ին:

Ընթացաւարտութենէն անմիջապէս յետոյ մէկ տարի կը ծառայէ Alms Hense and Work House քաղաքային հիւանդանոցին մէջ, եւ յետոյ իր դարմանատունը կը բանայ իբր բժիշկ: Սակայն անիկա իր առանձին գործովը չբաւականանալով կը սկսի կառավարական եւ այլ պաշտօններու հետամուտ ըլլալ: 1896-ին Տոքթ. Բարունակեան այցելու մորթաբան կը կարգուի Նիւ Եորգի ձրի բուժարանի մորթի հիւանդութեանց բաժնին մէջ։ 1898-ին նոյն պաշտօնով կը փոխադրուի Եունիվըրսիթի եւ Պէլվիւ Գոլէճի դարմանատունը, ուր այդ պաշտօնը կը վարէ 8 տարի եւ կը հրաժարի 1906-ին: Այս ժամանակամիջոցին (1897-1906) Եունիվըրսիթի եւ Պէլվիւի շրջանաւարտ կարգերուն կը դասախօսէ վերոյիշեալ մասնագիտութեան վրայ։ Մօտաւորապէս 4 տարի (1897-1902) Պէլվիւ հիւանդանոցին մորթի եւ վեներական ախտերուն բաժնին տյցելու հիւանդներու դարմանիչը եղած է:

1906-ին Նիւ Եորք քաղաքին հիւանդանոցին մէջ կը ծառայէ օգնական մորթաբանի պաշտօնով եւ նոյն տարուան վերջերը արդէն իսկ կը գրաւէ իսկական դասախօսի բեմը Նիւ Եորք Past Graduate բժշկական դպրոցին եւ հիւանդանոցին մէջ. Միեւնոյն ատեն ծառայելով Փրիսպիթերեան հիւանդանոցը: 1911-ին Կուվըրնիեըր հիւանդանոցին մորթային հիւանդութեանց բժիշկ կը կարգուի:

Միհրան Բարունակեան իբր մանագէտ մորթի եւ վեներական հիւանդութեանց, ոչ միայն վարիչն է այդ հիւանդութեանց ճիւղին համար խորհրդատու բժիշկն է Նիւ Եորգի իտալական երկու հիւանդանոցներուն եւ Պէյեանի Հիւանդանոցին, Նիւպըրկի Սէյնթլուքս հիւանդանոցին, եւ Նիւ Եորքի սստիկանութեան պատուոյ վիրաբոյժ:

Տոքթ. Բարունակեան անդամ է բժշկական բազմաթիւ ընկերութեանց, ինչպէս է Նիւ Եորքի Քաունիթի բժշկական ընկերութեան. Ամերիկեան Բժշկական Ընկերութեան,Մէնհէթընի Մորթաբանական Ընկերութեան: Պատուոյ անդամ է Նիւ Եորքի Բժշկական Ակադեմիային եւ Մորթաբանական Համաժողովին: Եղած է նախագահը Նիւ Եորքի բժշկական Ակադեմիայի մորթի ճիւղը. Երկու անգամ նախագահ՝ Մէնհէթընի Մորթաբանական Ընկերութեան: Ունի Միջազգային անվիճելի համբաւ եւ հեղինակութիւն:

Երեք անգամ նախագահ եղած է նաեւ հայկական Բժշկական Միութեան, որուն հիմա (1936) պատուոյ նախագահն է: Տոքթ. Բարունակեան խառնուած է Ամերիկեան հանրային կեանքին եւ Նիւ Եորգի քաղաքացի հանգուցեալ Քէփթըն Կատըբտի առաջնորդութեամբ կազմած է Նիւ Եորքի առաջին Հայ Հանրապետական Ակումբը (Armenian Republican Club): Կը պատկանի վաղուց Ազատ Որմնադրաց կազմակերպութեան եւ ունի բարձրագոյն աստիճանը իբր մեծ վարպետ:

Միմիայն ինքնօգնութեամբ ու լարատեւ եւ աննկուն ճիգերով ձեռք բերուած այս դիրքը պատուաբեր է որքան իր անձին, նոյնքան իր ազգին եւ իր ծննդավային:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]