Մեսրոպ Թերզեան

(Վերայղուած է Մեսրոպ Եպս. Թերզեան-էն)
Մեսրոպ Թերզեան
Ծնած է 10 Նոյեմբեր 1914
Ծննդավայր Ատանա
Մահացած է 13 Յունուար 1971
Մասնագիտութիւն Բանասէր

Մեսրոպ Եպս․ Թերզեան (10 Նոյեմբեր 1914, Ատանա - 13 Յունուար 1971), Եպիսկոպոս եւ բանասէր։

Արհաւիրքի օրերուն, հայրը կորսնցնելէ ետք, ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Լիբանան։ 1928 Թ․ի Հոկտեմբերին կը մտնէ Զմմառու Հայ վանքի նորընծայարանը, ու կը յաճախէ Պէյրութի Սէն Ժօզէֆ համալսարանը, ու իր ուսումը աւարտելէ ետք, 1934-ին կը ղրկուի Հռոմ, եկեղեցական բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ Հռոմի մէջ ան կը հետեւի իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական դասընթանցէներուն, տեղւոյն Գրիգորեան Համալսարանին մէջ։ 1940-ին կը ձեռնադրուի քահանայ։ Ձեռնադրութենէն ետք, կը հետեւի եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղին։ Իրաւաբան վարդապետի տիտղոսին համար կը պատրաստ է ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹՅՈՒՆԸ ԺԸ․ ԴԱՐՈՒՆ աւարտաճառը։

1945-ին կը վերադարնայ Պէյրութ, ուր կը ստանձնէ Աւետիք ամսաթերթի եւ Մսիս շաբաթաթերթի խմբագրապետութիւնը։ Ժողովրդապետութեան եւ տնօրէնութեան պաշտօններ վարելէ ետք, 1958-․ին Զմմառու Հայ վանքին ու նորընծայարանին մեծաւոր կ՛ընտրուի։

1963-ին կ՛օծուի եպիսկոպոս, ու կը նշանակուի Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի ընդհանուր փոխանորդ։ Պաշտօն մը, զոր կը վարէ մինչեւ իր վախճանումը՝ 1971-ի Յունուար 13-ը։

Տերզեանի Բանասիրական ու Պատմագրական Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեսրոպ Եպս․ Տերզեանի գրչին կը պատկանին բանասիրական ու պատմագրական գործերը․

  • «Le patriarcat de Cilicie et les Armeniens catholiques» (1740- 1812)
  • «Խոստովանողի մը նամականին» (1958)
  • «Բրգիկի Նախավկայ Առաքեալը» (1959)
  • «Յակոբ Դ․ Ջուղայեցի» (1655- 1680)

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]