Մեծապատիւ Մուրացկանները
| Հեղինակ | Յակոբ Պարոնեան |
|---|---|
| Լեզու | Արևմտահայերէն |
| Էջ | 126 |
Մեծապատիւ Մուրացկանները Յակոբ Պարոնեանի միակ վէպն է եւ իր ամէնաժողովրդական գործերէն մէկը։ Հայ գեղարուեստական արձակի դասական երկերէն մին։ Առաջին անգամ հրատարակուած է 1880-ին, Կ. Պոլիս։[1] Վէպին գլխաւոր հերոսը «Աբիսողոմ աղա»ն է, միամիտ ու պարծենկոտ գաւառացի մը, որ Պոլիս կու գայ ամուսնանալու համար։ Ոտքը Պոլիս կոխած վայրկեանէն իսկ կը սկսին հէգ Աբիսողոմ աղային արկածախնդրութիւնները։ Դիւրին որս մը գտած ըլլալով, տեղացի գրագէտ, խմբագիր, լրագրող եւ վարժապետ՝ Պոլսոյ յայտնի «Մեծապատիւ Մուրացկանները», կը յարձակին գաւառացիին վրայ ու զանազան խաբեբայութիւններով կը կողոպտեն զինք, մինչեւ այս վերջինը օձիքը դժուար ազատած, կը փախչի իր գաւառը։
«Մեծապատիւ Մուրացկանները» յաճախ վերահրատարակուած է թէ՛ Սփիւռքի զանազան քաղաքներուն եւ թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ։ Ան նաեւ թատերականացուելով բեմ հանուած է բազմաթիւ անգամներ։[2]
Համառօտ վերլուծական «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» վէպին[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպին գլխաւոր հերոսը Աբիսողոմ աղան է։ Այս մեծահարուստը Տրապիզոնէն Կոստանդնուպոլիս եկած է ամուսնանալու նպատակով։ Ան չունի հոգեմտաւոր հետաքրքրութիւններ, զինք չեն յուզեր ազգին եւ մարդկութեան ճակատագիրը։ Իր կեանքին հիմնական շարժառիթը կենսաբանական պէտքերն են։ Անոր ամէնաուժեղ մոլուցքը փառասիրութիւնն է։ «Կան մարդեր, որ ցցունել կ'ուզեն ինչ որ չունին. կան ալ, որ ցցունել չեն ուզեր ինչ որ ունին. կան նաեւ, որ ցցունել կ'ուզեն ինչ որ ունին: Աբիսողոմ աղան վերջիններէն էր. կը փափագէր, որ բոլոր աշխարհ իմանայ ագարակներ ունենալը, եւ իւր փափագն իրացնելու համար ստակ ալ չէր խնայեր»:
Աբիսողոմը միամիտ ու սահմանափակ անձնաւորութիւն մըն է, որուն ահա «սպասարկելու» կու գան «մեծապատիւ մուրացկանները»՝ կեանքի ընկերային-հասարակական պայմաններու բերումով իրենց անհատականութիւնը կորսնցուցած ու հոգեպէս սնանկ, գումար վաստակելու համար ամէն ինչի ընդունակ հայ «մտաւորականութեան» ներկայացուցիչները՝ թերթի խմբագիրը, քահանան, բանաստեղծը, լուսանկարիչը, բժիշկը, ուսուցիչը, փաստաբանը եւ դերասանը։
Սակայն ամուսնանալու նպատակով Պոլիս եկած Աբիսողոմ աղան նոյնիսկ աղջիկ տեսնելու ժամանակ չ’ունենար եւ, ինչպէս կ’ըսեն, «բուրդ ու բապուճ» կը փախչի մայրաքաղաքէն։
Վէպին առերեւոյթ կենցաղային երգիծանքը հասարակական շատ աւելի ընդգրկուն խնդիրներ կ’արծարծէ։ Յանձինս Աբիսողոմ աղայի եւ միւս հերոսներուն՝ Պարոնեանը կը ներկայացնէ իրականութեան համապատկերը՝ մասնաւոր անձերու ճակատագիրին մէջ վեր հանելով հայութեան հիւանդագին կացութիւնը Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ։
Աբիսողոմ աղայի միամտութիւնը եւ անկէ օգուտ շորթել փափագող «մուրացկաններուն» խորամանկութիւնը համադրուելով՝ կը կազմեն բազմաթիւ զաւեշտական դրուագներ եւ կը ստեղծեն բառախաղերով համեմուած կատակերգական իրավիճակներ:
Նշումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Parlakian, Nishan, Modern Armenian Drama: An Anthology (New York: Columbia University Press, 2001), p.63
- ↑ Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ Թատերախումբ. «Մեծապատիւ Մուրացկանները» ներկայացման ծրագիր-գրքոյկ, Փասատինա 2004:
- ↑ «Հակոբ Պարոնյան | Մեծապատիվ մուրացկաններ | համառոտ»։ Տարընթերցում։ արտագրուած է՝ 2026-01-07
| Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |