Jump to content

Մարտիրոս Ս․ Գաւուքճեան

Մարտիրոս Ս․ Գաւուքճեան
Ծնած է 1908
Մահացած է 7 Օգոստոս 1988

Մարտիրոս Ս․ Գաւուքճեան (1908 - 1988), 1934-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համա­լսարանի ճարտարապետական բաժինը, ստանալով ճարտարապետութեան վկայականը։ 1941-1946-ին եղած է Մուսուլի (Ւրաք) քաղաքապետարանի գլխաւոր ճարտարապետը: Մարտիրոս Ս․ Գաւուքճեանի գլխաւոր յատակագիծերով կառուցուած են Մուսուլի եւ շարք մը այլ քաղաքներու արուարձանները: Ան հանդիսացած է Իրաքի «Խ. Հայաստանի Բարեկամներու Ընկերակցութեան» Հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր աոաջին քարտուղարը:

1947-ին, հայրենադարձուելով՝ հաստատուեցաւ Երեւան, ուր պաշտօնի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագծային ինստիտուտ» ին մէջ, իսկ 1951-էն «Հայարդ նախագիծ» Հիմնարկին մէջ որպէս նախագիծի գլխաւոր ճարտարապետ:

1947-1979 թուականներուն մասնակցեցաւ Հայաստանի վերաշինութեան գործին եւ իր նախագծերով՝ Երեւանի եւ հանրապետութեան միւս քաղաքներուն մէջ կառուցուեցան բազմաթիւ արդիւնաբերական, հասարակական ու բնակելի շէնքեր եւ համալիրներ:

Իր անբասիր աշխատանքներուն համար, Մ. Գաւուքճեան 1972 ին արժանացաւ ՀՍՍՀ վաստակաւոր ճարտարապետի կոչումին:

1979-ին, ընտանեկան պատճառներով մեկնեցաւ ՔաՆատայի Մոնթրէալ քաղաքը:

Մասնագիտութեամբ ճարտա­րապետ, Մ. Գաւուքճեան զբաղեցաւ նաեւ գիտական-տեսաբանական հետազօտութեամբ:

Ուսումնասիրելով Մերձաւոր արեւելքի հին ժողովուրդներու (Սումերի, Աքքատի, Ասորեստանի եւ Ուրարտուի) եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի hնագոյն շրջանի պատմութիւնը, hանդէս եկաւ որպէս հմուտ պատմաբան-հնագէտ:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլին մէջ իր ստորագրած հայագիտական ուրարտագիտական յօդուածներէն անկախ, առանձին հատորով հրատարակեց «Արմէն եւ Հայ Անունների Ծագումը եւ Ուրարտուն» (Պէյրութ, 1973), «Հայ ժողովուրդի Ծագումը» (Մոնթրէալ 1982) եւ «Արմենիա, Սուբարտու եւ Սումեր-Հնդեւրոպական Հայրենիքը եւ Հին Միջագետքը» (Անգլերէն,Մոնթրէալ 1983) մենագրութիւնները:

Ա. Գաւուքճեան մահացաւ 1988-ի Օգոստոս 7-ին, Մոնթրէալ: