Մարտիրոս Գէորգեան էֆենտի
Ծննդավայր | Չնգուշ աւան |
---|---|
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Աշխատավայր | Հըրպըրթ Էթքինսընի հիւանդանոցի դեղատան վարիչ |
Մարտիրոս Գէորգեան էֆենտի, հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Տիգրանակերտի նահանգի Տիգրանակերտի գաւառի Չնգուշ աւանին մէջ։ Բարձրագոյն դեղագործական կրթութիւն ոստացած եւ որպէս դեղագործ աշխատած է։ 1909 թուականին, երբ Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներու միջեւ կառուցուած ու բացուած է հայասէր դոկտոր Հըրպըրթ Էթքինսընի նոր եւ ժամանակակից հիւանդանոցը, Մարտիրոսն ընդունած է դրահարուստ դեղատան վարիչի պաշտօնը։
1915 թուականի Դեկտեմբեր 23-ին մահացած է դոկտոր Էթքինսըն եւ հիւանդանոցի կառավարումն անցած է տիկին Էթքինսընի ձեռքը։ Մի քանի օր անց թուրք ոստիկանները շրջապատած են հիւանդանոցը եւ ձերբակալած ու տարած՝ 15 երիտասարդներ, անոնց կարգին՝ Մարտիրոսը։
Տիկին Էթքինսընը գիշերով, իր հետ վերցնելով 9-ամեայ որդին՝ Հենրին, գացած է ոստիկանապետին մօտ եւ ամէն ջանք թափելով ազատած է բոլոր ձերբակալուածներուն ու վերադարձուցած՝ հիւանդանոց։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճիզմէճեան Մանուկ, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրեզնօ, 1955։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։