Մարտիրոս Գասէլեան

Մարտիրոս Գասէլեան
Ծնած է 1881
Ծննդավայր Շար, Օսմանյան կայսրություն
Մահացած է 27 Նոյեմբեր, 1968
Մահուան վայր Մոնդեվիտէօ, Ուրուկուէյ
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն բժիշկ (զինուորական բժիշկ)
Ամուսին Կիւլիզար Գուիւմճեան

Մարտիրոս Գասէլեան (Մարտիրոս Աղբայ) (1881, Շար, Օսմանեան կայսրութիւն - 27 Նոյեմբեր, 1968, Մոնտեվիդէօ, Ուրուգուայ), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարտիրոս Գասէլեան ծնած է 1881–ին Շար գիւղին մէջ, հաճընցի ծնողներու աղքատ ընտանիքի մէջ։ Հետագային անոր հաճընցի հերոս տոքթոր Մարտիրոս կամ Մարտիրոս Աղբայ կոչած են։ Մանկութենէն սկսած է աշխատել՝ հովիւ-խաշնարած, հողագործ։

1914–ին Համաշխարհային Առաջին պատերազմը երբ սկսաւ ծառայութեան մտած է թրքական բանակին մէջ։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ նկատելով պատանիին՝ զինք ուղարկած են զինուորական հիւանդանոցին մէջ աշխատելու համար։ Հիւանդանոցին մէջ ծառայելու ընթացքին դարձած է վիրաբոյժի օգնականը։ Ցուրացնելով հիւանդներուն խնամելու եւ տարրական բժշկական օգնութիւն ցոյց տալու սկզբունքները՝ շուտով դարձած է անուանի հիւանդապահ։ Չանաքալայի ռմբակոծութեան ժամանակ վիրաւորուած է ու կորսնցուցած է իր մէկ աչքը։ Հիւանդանոցին մէջ բուժուելէ ետք կրկին վերադարձած է իր ծառայութեան՝ հիւանդանոցին մէջ։ 1918– ի պատերազմը աւարտելէ ետք ստացած է հաւատարիմ ծառայողի վկայական։

1918–ին վերադարձած է Ատանա։ Ատանայի մէջ թրքական ոստիկանութեան կողէն քանի մը անգամ ձերբակալուած է, սակայն վկայականի շնորհիւ ազատ արձակուած է։ Այնուհետեւ տեղափոխուած է Հաճըն եւ գտած է հօրեղբօր որդի Սիմոնին, որուն թուրքերը չէին տեղահանած իրենց գիւղերու միակ կլայագործը ըլլալու պատճառով։ Աշխատած է Սիմոնի մօտ՝ որպէս օգնական։ Գաղթած հաճընցիներու եւ շարցիներու վերադառնալէն ետք մեկնած է իր ծննդավայր Շար գիւղը, վերականգնած է պապենական օճախը եւ զբաղած է հողագործութեամբ։ 1920–ին քեմալական յարձակման եւ Շար գիւղի պաշարման ժամանակ ցերեկները հիւանդներուն ու վիրաւորներուն բուժած է, իսկ գիշերները՝ ճակատը պաշտպանած։

Շար գիւղի անկումէն ետք խումբ մը զինուորներու հետ բարձրացած է լեռները եւ թուրքերու դէմ կռուելով հասած է Հաճըն։ Հաճընի մէջ բժիշկ Տիրան Թերզեանի հրաւերով մնացած է հիւանդանոցին մէջ եւ զբաղած է հիւանդ ու վիրաւոր մարտիկներու բուժմամբ։ Այնուհետեւ որպէս բժիշկ, միացած է Ռումլուի յարձակումին կռուող զինուորներուն։ ճակատամարտի ժամանակ ծանր վիրաւորուած է Վարդան Ճերեճեանի թեւը։ Մարտիրոսը, հմտօրէն անդամահատելով թեւը, զայն մահէն փրկած է։ Հետագային Վարդանը ստացած է «Կուրօ» մականունը, ինչպէս եղած էր ֆրանսացի անուանի զօրավար Կուրօն։ Այդ օրուընէ ի վէր Մարտիրոսին կոչած են դոկտոր։ Փոխ հրամանատար Արամ Կայծակը զայն տոած է տոքթորի վկայագիր։

1925–ին վերստին ամուսնացած է այրի տիկին Կիւլիզար Գույումճեանի հետ, որուն երկու զաւակներուն պահեց ու դաստիարակեց հարազատ հօր պէս։ Հետագային ընտանիքով տեղափոխուած է Ուրուգվայ եւ հաստատուած է Մոնտեվիդէօ քաղաքին մէջ։ Այստեղ ստեղծած են սեփական տուն եւ նպարավաճառի խանութ։ Այս զոյգը հետագային ունեցած է եւս երեք աղջիկ ու մէկ տղայ՝ Խուանին։ Մշտապէս հետաքրքրուած է Խորհրդային Հայաստանի վիճակով։ Մահացած է 27 Նոյեմբեր 1968–ին։ Թաղուած է Մոնտեվիդէօյի Նորթէ գերեզմանոցին մէջ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մխճեան Մ. «Հաճընցի հերոս շարցի տոքթ.», Բուենոս Այրես, «Նոր Հաճըն», 1969, հ. 1-2