Jump to content

Մարիա Արմուտեան

Մարիա Արմուտեան
Ծնած է 20-րդ դար
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Ամերիկահայ
Մասնագիտութիւն համալսարանի դասախօս, գրագէտ, լրագրող, երաժիշտ, ակադեմիկոս
Աշխատավայր Օքլըտնի Համալսարան

Մարիա Արմուտեան (անգլMaria Armoudian) քաղաքագիտութեան համալսարանի դասախօս է Օքլընտի Համալսարանը, Նիւ Զիլընտ: Ան գրագէտ, ձայնի հաղորթավար, երաժիշտ եւ լրագրող է:[1]

Արմուտեանին երկու գիրքերն են՝ «Reporting from the Danger Zone: Frontline Journalists, Their Jobs and an Increasingly Perilous Future» եւ «Kill the Messenger: The Media's Role in the Fate of the World»: Արմուտեան ունի Ամերիկահայ արմատներ եւ կը վարէ ու կ'արտադրէ «Scholars' Circle» յայտագիրը KPFK Ամերիկեան ռատիոկայանին վրայ:[2] Նախքան Օքլընտ, Նիւ Զիլընտ փոխադրուիլը, Արմուտեան 6 տարի աշխատած է իբր քաղաքի յանձնակատար Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ 8 տարի Քալիֆորնիոյ երեսփոխանական նիստին մէջ:[3] Ակադեմական գործէն անդին, Արմուեան հրատարակած է կարգ մը յօդուածներ հետեւեալ թերթերուն մէջ՝ New York Times, Los Angeles Times, New Zealand Herald, Los Angeles Daily News, The Progressive, AlterNet, եւ Salon. Արմուտեանի առաջին ձայնասկաւարակը վերնագրուած էր «Life in the New World»:[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Dr Maria Armoudian, the University of Auckland»։ University of Auckland։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 October 2016-ին։ արտագրուած է՝ 18 October 2016 
  2. Armoudian Maria (23 April 2015)։ «Maria Armoudian: Honour all victims of Turkish brutality»։ New Zealand Herald։ արտագրուած է՝ 18 October 2016 
  3. «Dr. Maria Armoudian joins Arts staff»։ University of Auckland։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 October 2016-ին։ արտագրուած է՝ 18 October 2016