Մարիամ Աւետեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Մարիամ Աւետեան, դերասանուհի։ Ծնած է Տփխիսի (Թիֆլիս), 3 Յունուար 1876 թուականին։
Կրթութիւն ստացած է Սերպէնի աւագ դպրոցին մէջ։ Ան կը սկսի դերասանել ծննդավայրին մէջ։ Օրիորդ ժամանակ կը սկսի մասնակցիլ ընտանեկան ներակայացումներու։ 1893-ի Յունուարին կ՛ամուսնանայ դերասան Գ. Աւետեանի հետ։ Մէկ ամիս ետք՝ դերասանական խումբին հետ Ռուսաստան կ՛երթայ եւ առաջին անգամ Աստրախանի մէջ բեմ կը բարձրանայ Արշակ Բ. ողբերգութեան մէջ, Միհրանի (պատանի) դերով։ Աւելի ետք նոյն ներկայացման մէջ հանդէս կու գայ «Նաթալիայ»ի դերով։ Այդ ժամանակէն սկսեալ, շարունակաբար, կը սկսի դերասանել գլխաւոր խումբին մէջ։