Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան
Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան | |
---|---|
Ծնած է | 1893 |
Ծննդավայր | Պարտիզակ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 29 Յուլիս, 1973 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական,հասարակական գործիչ |
Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, աւազանի անունով Արտաշէս (1893, Պարտիզակ - 29 Յուլիս 1973, Բիրէա)։ Հասարակական գործիչ, յօդուածագիր, հոգեւորական։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհիկ կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1893-ին Պարտիզակ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ իր ծննդավայրի «Շուշանեան» վարժարանին մէջ։ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, Արտաշէս Բարաղամեան որպէս կամաւոր, կը զինուորագրուի ֆրանսական բանակին կից գործող հայկական լէգէոնին մէջ։ Ապա, կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։
Միթիլինի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, ան Յունաստան կը գաղթէ ու ապաստան կը գտնէ ուրիշ 4 000 հայրենակիցներու հետ Լեզվոս կղզիին Միթիլինի նաւահանգիստը (Իզմիրին դիմացը)։ Հոն կ՛ունենայ ազգային-հասարակական եւ կուսակցական բեղուն կեանք։ Մաս կը կազմէ «Դպրաց Դաս» միութեան եւ «Հայ Խնայողական Միութիւն»ի վարչական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ հեռավար գործակիցը կը դառնայ «Նոր Օր» թերթին։ Կը պսակուի եւ կը բախտաւորուի մանչ ու աղջիկ զաւակներով։
Սելանիկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1935-ին, Արտաշէս ընտանիքով կը փոխադրուի Սելանիկ, ուր կը շարունակէ դարձեալ իր հասարակական գործունէութիւնը։ Բաւական տարիներ ետք, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան կը ձեռնադրուի քահանայ։ Օծեալը կը կոչուի Տ. Մատթէոս քահանայ։
Կղերական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան սկզբնական շրջանին կը դառնայ շրջուն հոգեւոր հովիւ։
1959-ի ամրան կը ստանձնէ Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, ուր անխափան կը ծառայէ 14 տարիներ՝ մինչեւ մահը։
Յունուար 1973-ին, առողջական պատճառներով հիւանդանոց կը փոխադրուի ու 15 օր ետք տուն կը վերադառնայ։ Հակառակ առողջութեան վատ վիճակին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւագ Հինգշաբթի օրուան երեկոյեան Խաւարման գիշերի արարողութեան։
Մահ եւ յուղարկաւորութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1973-ի Մայիս ամսուան կէսերուն, դարձեալ հիւանդանոց կը փոխադրուի եւ 29 Յուլիս 1973-ին Բիրէայի հիւանդանոցին մէջ իր աչքերը կը փակէ։ Անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ 31 Յուլիս 1973, վերջին օծումը կը կատարէ Սահակ Արք. Այվազեան, մասնակցութեամբ Յունաստանի տարածքին հոգեւոր հայրերուն։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Քոքինիոյ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 70-ամեակ 1933-2003», Վարագ քհնյ․ Յովսէփեան, Գոքինիա 2033