Մասիս Արարատեան
Մասիս Արարատեան | |
---|---|
Ծնած է | 29 դեկտեմբեր 1929 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մահացած է | 18 Յունուար 2023 |
Քաղաքացիութիւն | ԱՄՆ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | երգիծանկարիչ |
Ամուսին | Մարօ Տէր Ղուկասեան |
Երեխաներ | Արազ եւ Սեւակ |
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մասիս Արարատեան` բուն անունով Մկրտիչ, ծնած է 29 դեկտեմբեր 1929-ին, Հալէպ: Յաճախած է Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանի բաժինը շարունակած է նորակառոյց Զաւարեան դպրոցին մէջ:
Մանկութենէն գծելը կը դառնայ անոր զբաղումը եւ հաճոյքը: Նախ կը սկսի գծել իր ընկերներուն, ուսուցիչներուն, ընտանիքին անդամներուն եւ ազգականներուն դիմագիծերը, ապա կ՛աշխատի երկրաչափ Արշակ Գալէմքէրեանի գրասենեակին մէջ, ուր կը մաքրագծէ երկրաչափական նախագիծեր: Ապա նոյն գործով կ՛աշխատի Հալէպի ջուրի ու ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ քաղաքապետարանին մէջ` նոյն ժամանակ կատարելով անհատ երկրաչափերու պատուիրած գործերը եւ կը զբաղի երգիծանկարչութեամբ:
Արաբական «Սենեպէլ» թերթի երգիծանկարիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը դառնայ արաբական «Սենեպէլ» թերթին երգիծանկարիչը, ապա կը փոխադրուի Դամասկոս, մէկ տարի ետք` Հոմս, յետոյ` Համա, Լաթաքիա, ի վերջոյ` Հալէպ: 1951-ին Հալէպի մէջ կը դառնայ հեռաձայնի ընկերութեան հիմնական պաշտօնեան: Կը կանչուի զինուորական ծառայութեան մէկ տարուան համար. զայն լրացնելէ ետք կը փոխադրուի Լիբանան` Պէյրութ, 1954-ին: Մասիսը կը դառնայ Պէյրութի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու Տեղեկատուական ծառայութեան-USIA (United States Information Service) պաշտօնեայ: Այնտեղ աշխատելու շրջանին, 1965-ին, Մասիս կը կազմէ ընտանիք Մարօ Տէր Ղուկասեանի հետ: Կ՛ունենան 2 զաւակներ` Արազ եւ Սեւակ:
Հայկական միջավայրի մէջ երգիծանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական միջավայրի մէջ երգիծանկարչութեան կը սկսի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթէն, ապա` 1970-ականներէն սկսեալ, իր երգիծանկարներով մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ«Ազդակ»-ին, երբ թերթը 4 էջէն կը վերածուի 8 էջի: Ասոր կողքին ան կը ստեղծէ հայկական տպագրական տառատեսակներ, յատկապէս` գլխագիրներ, որոնք երկար ատեն կ՛օգտագործուին թերթին մէջ[1]:
Herald Examiner թերթի խմբագրութեան ծաղրանկարիչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիբանանեան պատերազմի բռնկումին պատճառով` 1975-ին, Մասիսը իր ընտանիքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս: Իր մասնագիտութեամբ անմիջապէս աշխատանքի կ՛անցնի ամերիկեան Herald Examiner թերթի խմբագրութեան մէջ` դառնալով թերթին ծաղրանկարիչը: 1990-ին կը գոցուի թերթը, եւ Մասիսը կը հիմնէ իր անձնական գրասենեակը: Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ «Ասպարէզ» օրաթերթին[2]: 1947-էն սկսեալ Մասիսին ծաղրանկարները տեղ կը գտնեն հայկական, միաժամանակ օտար` արաբական, ֆրանսական, գերմանական եւ ամերիկեան թերթերու մէջ: Մասիսի նշանաւոր խօսքն էր`
«Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ»: - Մասիս Արարատեան
|
Հրատարակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան 1965-ին կը հրատարակէ գրքոյկ մը` «Կեանքի սեմֆոնին» եւ մեծածաւալ գիրքեր` «Ժպիտը լոյս է», որուն Ա. հատորը` 1947-1997-ի, իսկ Բ. հատորը` 1997- 2012-ի միջեւ գծուած երգիծանկարները կը բովանդակեն: Կը զբաղի նաեւ քանդակներով, որոնցմէ են` «Ցեղասպանութեան յուշարձան»-ը եւ «ՀՅԴ-ի երրորդութիւնը»: Իր ստեղծած շուրջ 15 տեսակ տառատեսակներ կը զարդարեն բազմաթիւ հայ եւ օտար գիրքերու եւ հանդէսներու կողքերը: Անոր շատ փոքրածաւալ գրքոյկին խորագիրն էր «Ազգային դէմքեր», որուն մէջ կը հանդիպինք 100 ազգային դէմքերու դիմանկարներու[3]: