Jump to content

Մառիի Ճակատամարտ

Մառիի Ճակատամարտ
Թորոսի սպանութիւնը եւ Լեւոնի գերի բռնուիլը
Թուական 24 օգոստոս 1266
Վայր Մառի, Դարպսակ
Արդիւնք Մամլուքներու յաղթանակ
Հակառակորդներ


Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն


Մամլուքներ
Հրամանատարներ
Լեւոն Գ.
Թորոս
Մանսուր Կալաուն
Ալի ալ-Մանսուր
Կողմերու ուժեր
15.000 30.000
Կորուստներ
մարտական կորուստներէն զատ
40.000 գերեւարուած բնակիչ
անյայտ

Մառիի ճակատամարտ տեղի ունեցած է 24 Օգոստոս 1266-ին, Եգիպտոսի Մամլուքներու սուլթանութեան եւ Կիլիկեան Հայաստանի զօրքերու միջեւ, Մառի կոչուող կապանին մէջ (Սեւ լեռներու շրջան)։

Եգիպտոսի սուլթան Զահեր Բայբարսը, օգտուելով մոնկոլական տիրակալութեան տրոհումէն ու թուլացումէն, վերանուաճեց Հիւսիսային Ասորիքը, իսկ Օգոստոսին Մանսուր Կալաունին 30-հազարնոց զօրաբանակով ուղարկեց Կիլիկիա։

Հեթում Ա.-ը կը գտնուէր Թաւրիզի մէջ՝ դաշնակից մոնկոլներու մօտ։ Մամլուքներու դէմ դուրս եկան արքայազներ Լեւոնը եւ Թորոսը 15-հազարանոց բանակով։ Հայկական զօրքերը կարողութիւնը չունեցան դիմադրել իրենց կրկնակի գերազանցող Մամլուքներուն։ Արքայազն Թորոսը զոհուեցաւ, իսկ Լեւոնը Սմբատ Սպարապետի որդիի՝ Վասիլ Թաթարի հետ միասին գերեվարուեցան[1]։

Հեթում Ա.-ը վերադարձաւ եւ իր երկիրը յայտնաբերեց թալանուած վիճակին մէջ: Մամլուքները թալանած եւ աւերած էին երկրի երեք մեծ քաղաքները՝ Մամեստիան, Ատանան եւ Տարսոնը, ինչպէս նաեւ Այաս նաւահանգիստը։ Մամլուքները քսան օր պաշարելէ ետք յաջողեցան գրաւել Սիս մայրաքաղաքը, գերեվարեց շուրջ 40 հազար բնակիչ[2]։ Հեթումը անյապաղ քայլեր ձեռնարկեց Լեւոնին գերութենէն ազատելու համար եւ որոշ տարածքային զիջումներ կատարելու դիմաց ետ վերադարձուց գահաժառանգը։

1269 թ. Տարսոն քաղաքի մէջ Լեւոնը թագաւոր օծուեցաւ[3], իսկ Հեթումը ծառայութեան անցաւ Դրազարկի վանքին մէջ որպէս կղերական։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. The Armenian Kingdom and the Mamluks p.49, Angus Donald Stewart
  2. Bournotian, A Concise History of the Armenian People, p. 101
  3. Կլոդ Մութաֆյան, p.60
  • Renée Grousset, Histoires des Croisades, III
  • Կլոդ Մութաֆեան, Le Royaume Armenien de Cilicie
  • Angus Donal Stewart, The Armenian Kingdom and the Mamluks