Մաշտոցի Անուան Ցուցակ Ձեռագրաց
Մաշտոցի անուան ցուցակ ձեռագրաց, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագրերու մանրամասն նկարագրութիւններով ցուցակ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մատենադարանին մէջ ձեռագրերու նկարագրութեան աշխատանքները կատարուած են պատմութեան ամբողջ ընթացքին։ 20-րդ դարու 60-ականներու քննարկումներու արդիւնքով ձեռագրերու պարունակած նիւթերը հասարակութեան համար արագ ճանաչելի եւ մատչելի դարձնելու համար որոշուած է պատրաստել նաեւ յամառօտ ձեռագրացուցակ մը, որու առաջին հատորը լոյս տեսած է 1965-ին, իսկ երկրորդը՝ 1970-ին։ Այդ հատորները կազմած են Օննիկ Եգանեանը, Անդրանիկ Զէյթունեանը եւ Փայլակ Անթաբեանը, խմբագրած են Լեւոն Խաչիկեանը եւ Ասատուր Մնացականեանը։ Այս երկհատորեակով եւ 2007-ին տպագրուած յաւելուածային հատորեակի լրացմամբ հանրութեան մատչելի է դարձաւ Մատենադարանի մօտ 11 100 ձեռագրերու յամառօտ նկարագրութիւնը։
Յամառօտ երկհատորեակի տպագրութենէն անմիջապէս ետք գիտնականներու նոյն խումբը սկսած է ձեռագրերու մանրամասն նկարագրութեան աշխատանքները։ 1984-ին լոյս տեսած է առաջին աշխատանքը՝ Մայր ցուցակի Ա. հատորը, որուն յաջորդած է եւս եօթը. Ա. հատոր՝ ձեռագրեր համար 1-300, Բ. հատոր՝ ձեռագրեր համար 301-600, Գ. հատոր՝ ձեռագրեր համար 601-1000, Դ հատոր՝ ձեռագրեր համար 1001-1500, Ե. հատոր՝ ձեռագրեր համար 1501-1800, Զ. հատոր՝ ձեռագրեր համար 1801-2100, Է. հատոր՝ ձեռագրեր համար 2101-2400, Ը. հատոր՝ ձեռագրեր համար 2401-2700։
Ձեռագրերը հատորներուն մէջ կը նկարագրուին Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի գիտնական միաբաններու քննարկումներու արդիւնքով դեռեւս 1890-ականներուն Յակովբոս վարդապետ Տաշեանի մշակած՝ 30 կէտ ունեցող հայեցակարգով, որ Մատենադարանին մէջ վերամշակուած, վերախմբաւորուած եւ փոքր լրացուած է, իսկ հարցերն ու անոնց պատասխանները դասաւորուած են կարեւորագոյն տեղեկութիւնները անմիջապէս տեսանելի դարձնելու սկզբունքով: Ձեռագրի նկարագրութիւնը ունի երեք հիմնական մաս. արտաքին յատկանիշներ, բովանդակութեան եւ գրչութեան ժամանակ ու յետագայ յիշատակարաններ։
Հետազօտական-աշխատանքային այս խնդիրը կ՚իրագործէ «Ձեռագրագիտութեան եւ Մայր ցուցակի բաժինը», որ ժամանակին ղեկավարած են Ասատուր Մնացականեանը, ապա՝ Օննիկ Եգանեանը, յետոյ՝ Փայլակ Անթաբեանը, Յակոբ Քէոսէեանը։ 2007-էն ի վեր Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, Ձեռագրագիտութեան եւ մայր ցուցակի բաժնի վարիչ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի գլխաւորութեամբ այս աշխատանքի մէջ ընդգրկուած են 25 երիտասարդ մասնագէտ։
Զուգահեռաբար կը նկարագրուին Մատենադարանի Հայերէն ձեռագրերու հիմնական (11.230 միաւոր), Հայերէն պատառիկներու (2.200 միաւոր) եւ Հայերէն ժապաւէնաձեւ հմայիլներու (530 միաւոր) հաւաքածուները։ Գիտական ընդարձակ նկարագրութեան ենթարկուած են առաջինի 7 հազարէն աւելի ձեռագիր, երկրորդի՝ 100 եւ երրորդի՝ 150 միաւոր։ Սկզբնական նկարագրութեան փուլին կը յաջորդէ նոյն նկարագրութեան ստուգում-սրբագրումը, ապա՝ խմբագրումը (վերջին հատորները խմբագրած է Գէորգ Տէր-Վարդանեանը), հատոր առ հատոր հրատարակութեան պատրաստումը եւ անուանացանկերու կազմումը, որ այժմ կը կատարէ բանասէր Վարդան Դեւրիկեանը։ Ցուցակի նախատեսելի ծաւալը շուրջ 40 հատոր է[1]։
Կառուցուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր հատորներու մէջ կան հետեւեալ ցանկերը՝
- Գրչութեան ժամանակագրական ցանկ,
- Նախագաղափար եւ յետագայ յիշատակարաններու ցանկ,
- Նիւթերու ցանկ,
- Տեղանուններու ընդհանուր ցանկ,
- Անձնանուններու ընդհանուր ցանկ,
- Գրչութեան վայրերու ցանկ,
- Գրիչներու ցանկ,
- Ծաղկողներու ցանկ,
- Կազմողներու ցանկ,
- Պատուիրատու-ստացողներու ցանկ,
- Մանրանկարներու ցանկ,
- Կնքադրօշմներու ցանկ,
- Գաղտնագրութիւն ունեցող ձեռագրերու ցանկ,
- Ի մի տփի ձեռագրերու ցանկ,
- Մետաղէ կրկնակազմեր, խաչեր եւ այլ զարդեր ունեցող ձեռագրերու ցանկ,
- ձեռագրերու ընդհանուր աղիւսակ,
- Պատառիկ պահպանակներու ընդհանուր աղիւսակ։