Մանուէլ Մարութեան
Մանուէլ Մարութեան | |
---|---|
Ծնած է | 1901 |
Ծննդավայր | Վան |
Քաղաքացիութիւն | Վանեցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Դերասան |
Մանուէլ Մարութեան (1901), Համասփիւռքեան առումով յայտնի դէմք մը՝ որ ծանօթ է մասնաւորաբար բեմական վաթսունամեայ իր գործունէութեամբ, եւ որուն թատերագրային վաստակը եւ գրական արձակը, սակայն, իրեն կ՝ ապահովեն իւրայատուկ տեղ մը սփիւռքեան գրականութեան մէջ, պատմելու եւ մենագրելու ցայտուն շնորհներով։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1901-ին, Վանի մէջ (Բերդաքաղաք)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Երեմեան վարժարանին մէջ ու հազիւ պատանի, 1915-ի հերոսամարտին յաջորդող գաղթի օրերուն հաստատուած Երեւան՝ ուր շարունակած է ուսման իր ընթացքը Թեմական դպրոցին մէջ, մինչեւ 1919։
Աշակերտական գրասեղաններուն վրայ իսկ գրական եւ բեմական իր ընդունակութիւններով ուշադրութիւն գրաւած է, եւ դերասանապետ Յովհ. Զարիֆեանի ապա նաեւ Վարդան Միրզոյեանի քաջալերանքով հետեւած է Երեւանի Տրամաթիկ Սթիւտիայի դասընթացքներուն։
1921-1922 տարիներուն Իրանի հայաշատ բոլոր քաղաքներուն մէջ ներկայացումներ տալէ վերջ, անցած է Միջին Արեւելեան երկիրներ (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան եւ Յունաստան), ապա՝ Փրակ՝ ուր շրջան մը յաճախած է թէեւ Գիւղատնտեսական Վարժարան, սակայն վերադարձած է դարձեալ բեմ ու Վիեննայի մէջ հետեւած է պետական Արքայական Տրամաթիկ Սթիւտիայի դասընթացքներուն, որուն ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ամբողջական նուիրումով ծառայած է Հայ Բեմին՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հիւսիս եւ Հարաւային Ամերիկայի գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներուն մէջ, կազմելով նաեւ թատերախումբեր եւ թատերական կորիզներ։
Մասնագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դերասանական բեղուն գործունէութեան առնթեր, գրած է թատերգութիւններ, բանաստեղծութիւններ, եւ դիմաստուերներ՝ գրական եւ հանրային դէմքերու մասին։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1969-ին եւ 1970-ին Թեհրանի մէջ հրատարակուած են արձակ էջերու եւ դիմաստուերներու իր երկու հատորները՝ «Երբ Վարագոյրը Իջնում է» անունին տակ։ Թատերագրային իր գործերն են «Կոմիտաս», «Խաւարի մէջէն», «Երկիրն է կանչում», «Կարմիր սուլթան», «Դերասանի ցնորքը», «Նոյեան տապան», «Հոգի՞ն թէ մարմին»ը։ 1981-ին լոյս տեսաւ «Փակուած վարագոյրի առջեւ» յուշագրային իր վերջին հատորը[1]:
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։