Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ
Արտաքին տեսք
Հեղինակ | Անդրանիկ Ծառուկեան |
---|---|
Երկիր | Լիբանան |
Լեզու | արեւմտահայերէն |
Էջ | 254 |
Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ (1955), Ինքնակենսագրական վէպ։
Սփիւռքահայ գրող Անդրանիկ Ծառուկեանի ամենայայտնի գործն է։ Գիրքը կը բաղկանայ իրարու՝ թեթեւօրէն, կապուած պատմուածքներէ, ուր հեղինակը կը պատմէ որբանոցի մէջ ապրած իր կեանքը։
«Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը Սփիւռքահայ գրականութեան ամենածանօթ գիրքերէն է, որ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու, թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ թէ ալ Հայաստանի մէջ։
Հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ծառուկեան ըսած է, թէ՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» վէպը իր նախասիրած գիրքն է[1]: