Jump to content

Մաթիլտ Մանուքեան

Մաթիլտ Մանուքեան
Ծնած է 1914
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Փետրուար 2001(2001-02-17)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարան
Մասնագիտութիւն գործարար, madam
Աշխատավայր Հասարատուներու Տէր
Ամուսին Արամ Չիլինկիր
Երեխաներ Գէրովբէ Չիլինկիր

Մաթիլտ Մանուկեան (1914, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Փետրուար 2001(2001-02-17), Պոլիս, Թուրքիա), 20րդ դարու Թուրքիոյ կարեւորագոյն կին գործարարներէն մին, հանրատուներու տէր, 2 տարիներ մրցանակ ստացած է որպէս Թուրքիոյ ամէնաբարձր տուրքը վճարող անձը:

Մաթիլտ Մանուկեան ծնած է 1914-ին Պոլսոյ Սիւթլիւճէ (Ոսկեղջիւրի մօտ թաղամաս մը) թաղամասը: Ան դուստրն էր Կոմիտաս վարդապետի սաներու կարգին յիշուող Արմենակ Շահմուրատեանի[1]։ Հարուստ ու բռնակալ ընտանիքի մը դուստրը եղած է: Ունէր չորս եղբայրներ ու քոյրեր: Հայրը՝ Մանուկ Էֆէնտի Մանուկեան, իսկ մայրը՝ Ռօզին Հանըմ Մանուկեանն էր:

Հայրը համալսարան աւարտած էր եւ կ'ուզէր որ իր զաւակներն ալ իրէն պէս լաւ ուսում ստանան: Աւարտած է Պալաթի Խորէնեան Վարժարանը: Լիսէի ուսումը ստացած է Notre Dame de Sion Ֆրանսական Վարժարանէն: 16 տարեկանին իր ընտանիքին արտօնութեամբ Դերձակ Լուսայի քով դերձակութեան սկսած է: Երկար ատեն Լուսիային հետ աշխատելէ յետոյ իրմէ կը զատուի եւ կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութին հետ: Մաքսութին հետ աշխատած միջոցին Մաթիլտին անունը կը սկսի լսուիլ Պոլսեցի ազնուականներու միջեւ։ Կը սկսի մասնակցիլ պարահանդէսներու որպէս հրաւիրեալ եւ այդ պարահանդէսներէն մէկուն կը ծանօթանայ իր ապագայ ամուսնոյն՝ Արամ Չիլինկիրի հետ: Պահ մը յետոյ կ'ամուսնանայ Արամ Չիլինկիրի հետ: Արամն ալ իրեն պէս ունեւոր ընտանիքի մը զաւակն էր:

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի շրջանին կը յղանայ իր միակ զաւկին՝ Քէրովբէին: Նոյն միջոցին, Արամը տնտեսական տեսակէտէ վատ կացութեան կը մատնուի եւ կրկին կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութի հետ: Պէհիճէ անուն կին մը կը սկսի հագուստներ կարել տալ: Կինը, իր բոլոր կարել տուածները պարտքի փոխարէն կ'առնէր: Երկար ատենէ յետոյ կինը Մանուկեանին մեծ գումար մը պարտք տուած էր։ Այդ պարտքի փոխարէն կինը խոստացաւ տալ իր բաժնին 50 տոկոսը: Մաթիլտ, այդ 50 տոկոսին մասին ոչ մէկուն բան մը ըսաւ, որովհետեւ կը վախնար իր ընտանիքէն եւ ամուսինէն: Իր ամուսնոյն մահէն յետոյ իր որդւոյն հետ ապրած է: Մանուկեան, 1994 եւ 1995 թուականներուն 2 անգամ Թուրքիոյ մէջ ամէնաբարձր գումարով տուրքը վճարած է եւ մրցանակներ ստացած է: Իր մահէն 6 տարիներ առաջ այսինքն 28 Սեպտեմբեր 1995-ին ինքնաշարժով տեղ մը երթալու պահուն ռմբակոծուած է: Շարժավարն ու Մաթիլտին թիկնապահը մահացած են։ Բայց ինքը ողջ մնացած էր:

2001 թուականին Շիշլիի, Հուզուր Փալասի իր տան մէջ մահացած է: Իր միակ ժառանգորդը, այսինքն իր զաւակը Քէրովբէ Չիլինկիրին ժառանգած է 700 յարկաբաժիններ, 70 գործարան, Պոլսոյ Իքիթէլլի թաղամասի մէջ գործատուն մը «Rolls Royce» ինքնաշարժ մը, 4 հատ «BMW» ինքնաշարժներ, 4 հատ Mercedes-Benz ինքնաշարժներ, 18 մեթր երկայնութեամբ Sang Harmony անունով շքանաւ մը, 3 հատ 5 աստղանի հիւրանոցներ, 4 հատ ամարանոցներ եւ մեծ թիւով գոհարեղէններ[1]: Յուղարկաւորութիւնը իրականացաւ 21 Փետրուար 2001 թուականին Պէյօղլուի Ս. Երորդութիւն Եկեղեցին: Թաղուած է Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատունը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Մաթիլտ Մանուկեանի ժառանգը դատական խնդրի վերածուեցաւ»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2019-05-23։ արտագրուած է՝ 2020-10-17