Ճասթըն Թրուտօ

(Վերայղուած է Ճասթըն Թրուտո-էն)
Ճասթըն Փիէր Ճէյմզ Թրուտօ
Թրուտոն 2015-ին
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր, 1971
Ծննդավայր Օթաուա, Օնթարիո, Քանատա
Քաղաքացիութիւն Քանատացի
Ուսումնավայր McGill University (BA)
University of British Columbia (BEd)
University of Montreal
Մասնագիտութիւն Քանատայի դեսպան
Ամուսին Սոֆի Կրէկուար (28 Մայիս, 2005)
Ծնողներ Փիէր Թրուտո (հայր)
Մարկրէթ Սինքլէր (մայր)
Երեխաներ 3
Կայքէջ Կաղապար:Url
Կաղապար:Url
Ստորագրութիւն

Ճասթըն Փիէր Ճէյմզ Թրուտօ (անգլերէն՝ Justin Pierre James Trudeau, ծնած 25 Դեկտեմբեր, 1971, Օթաուա, Օնթարիո, Քանատա), Քանատացի քաղաքական անձնաւորութիւն մըն է: Ան Քանատայի 23րդ եւ ներկայ վարչապետն է, ինչպէս նաեւ Քանատայի Ազատականութեան Կուսակցութեան ատենապետը:[1][2] Ան երկրորդ ամէնաճահիլ վարչապետն է Ճո Քլարքէն ետք, ինչպէս նաեւ նախորդ վարչապետ Փիէր Թրուտոյի ամէնամեծ զաւակը՝ ըլլալով առաջին վարչապետը, որ ունի ընտանեկան կապեր ուրիշ Քանատացի վարչապետի մը հետ:[3][4]

Օթաուայի մէջ ծնած, Թրուտո յաճախած է Collège Jean-de-Brébeuf դպրոցը եւ աւարտած է McGill University համալսարանէն 1994-ին, ինչպէս նաեւ University of British Columbia համալսարանէն 1998-ին: Ան հանրութեան կողմէ ճանչցուեցաւ 2000-ի Հոկտեմբերին երբ գովեստի ճառ մը արտասանեց իր հօր Փիէր Թրուտոյի թաղման արարողութեան ընթացքին:[5] Համալսարան աւարտելէ ետք, ան քանի մը տարի կ'աշխատի իբրեւ ուսուցիչ Վանքուվըրի մէջ, որմէ ետք մէկ տարի կը յաճախէ École Polytechnique ուսումնարանը ճարտարապետական ծրագրով մը, սակայն մէկ տարի ետք, 2003-ին, կը լքէ: 2005-ին, կը սկսի իր Մագիստրոսի ծրագրով բնական աշխարհագրութեան ճիւղէն ներս McGill University համալսարանէն ներս, սակայն կը լքէ տարի մը ետք: Ան իր հանրային հռչակը գործի կը դնէ քաջալերելով բազմաթիւ քաղաքական շարժումներ: Ան դեր կը ստանցնէ The Great War ֆիլմին մէջ, 2007:[6]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Liberals projected to win majority»։ Toronto Star։ October 19, 2015։ արտագրուած է՝ October 19, 2015 
  2. «Justin Trudeau to be prime minister as Liberals surge to majority»։ CBC News։ October 19, 2015։ արտագրուած է՝ October 19, 2015 
  3. «Justin Trudeau plans to announce his cabinet Nov. 4»։ Toronto Star։ October 20, 2015։ արտագրուած է՝ October 20, 2015 
  4. «'We're back,' Trudeau tells allies abroad»։ Hamilton Community News։ October 20, 2015։ արտագրուած է՝ October 20, 2015 
  5. «Justin Trudeau»։ Foundation Trudeau։ արտագրուած է՝ November 5, 2015 
  6. Judd Amy (October 20, 2015)։ «Vancouver schools remember new PM Justin Trudeau as a great teacher»։ Global News։ արտագրուած է՝ November 5, 2015