Ձկնորսին եւ իր կնոջ մասին
«Ձկնորսին եւ իր կնոջ մասին» (գերմաներէն՝ Vom Fischer und seiner Frau)՝ Կրիմ եղբայրներու, գերմանական ծագումով հեքիաթը՝ կախարդուած ձկան մը մասին է, որ կ'իրականացնէ ձկնորսին եւ իր ագահ կնոջ բոլոր փափաքները: Վերջաւորութեան կինը կը պատժուի իր ագահութեան համար։
Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձկնորսը, որ կ'ապրի իր կնոջ` Իլզեպիլի հետ, խեղճուկ խրճիթի մը մէջ, օր մը ձուկ որսալու ատեն տափակ ոսկեայ ձուկ մը կ'որսայ, որ իրականութեան մէջ կախարդուած իշխան մըն էր. ան ձկնորսէն կը խնդրէ, որ զինք ետ ծով նետէ: Ձկնորսը սիրով կը կատարէ անոր խնդրանքը: Երբ Իլզեպիլ այս մասին կը տեղեկանայ, ամուսինին հարց կու տայ, թէ արդեօք վերջինիս ազատութեան փոխարէն բան մը խնդրա՞ծ է անկէ, ուստի կը ստիպէ, որ ան երթայ եւ դարձեալ կանչէ իշխանը ու աւելի լաւ բնակարան մը պահանջէ անկէ: Կախարդական ձուկը անմիջապէս կը կատարէ ձկնորսին ցանկութիւնը:
Սակայն շուտով Իլզեպիլ դարձեալ կ'ուղարկէ ամուսինը, այս անգամ ձկնիկէն ամրոց մը պահանջելու, ապա կը փափաքի թագուհի դառնալ, յետոյ կայսր, վերջը՝ Հռոմի պապ: Ամէն անգամ ձկնորսը ձկնիկէն բան մը խնդրելու ատեն ծովը աւելի մռայլ ու փոթորկոտ կը դառնայ: Ամէն անգամ, որ ձկնորսը ափ կու գայ ոսկեայ ձկնիկը կը կանչէ հետեւեալ խօսքերով.
Ձկնիկ, ձուկիկ, ձուկ
Դուն ծովային տափակաձուկ: Կինս խնդրանքով ուղարկեց, Իմ կամքիս հակառակ: |
Ձուկը կը կատարէ անոր բոլոր երազանքները, սակայն երբ Իլզեպիլ կը փափաքի Աստուած դառնալ, ոսկեայ ձկնիկը ամէն ինչ կը վերադարձնէ իր նախկին վիճակին՝ թշուառ խրճիթին:
Նիւթին ծագումն ու վերլուծումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հեքիաթը գրուած է Կրիմ եղբայրներուն կողմէ Առաջաւոր Փոմերանիոյ (Pomerania) բարբառով՝ Ֆիլիփ Օտտօ Ռունկի (Philipp Otto Runge) հեքիաթներուն հիման վրայ: Սկզբնաղբիւրին համաձայն՝ իրադարձութիւնները տեղի կ'ունենան Ուոլկասթ (Wolgast) շրջանին մէջ:
Հաւանաբար, այս տափակ ձուկը անցեալին Փոմերանիոյ ծովային աստուծոյ դեր կը կատարէր եւ այդպիսով հեքիաթը հանդէս կու գայ իբրեւ անհետացած առասպելաբանութեան օրինակ: Պատմուածքին իմաստը ներկայացուած է առակի ձեւով, որ կը վերաբերի ժողովրդական իմաստութեան, յատկապէս որկրամոլութեան եւ աւելորդ ցանկութիւններու մասին, որոնք կը պատժուին ամէն ինչի կորուստով:
Նիւթին մեկնաբանումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակակիցները պատմութիւնը կը մեկնաբանէին, ինչպէս Նափոլէոնի եւ անոր ընտանիքին երգիծանքը: Հոգեվերլուծաբան Օտտօ Կրոս (Օtto gross psychologist) կը մեկնաբանէ գլխաւոր հերոսներուն կեցուածքը, ինչպէս իշխանութեան նկատմամբ արտայայտուած ցանկութիւնը, որ կը բնորոշէ միապետական հասարակութիւնը եւ կը շեշտէ այն գաղափարը, որ «միայն Աստուած կ'երաշխաւորէ մարդու սրտին մէջ ամենաթանկը ուրիշէն պաշտպանելու պարագային»[1]:
Հեքիաթին բեմադրութիւնները բազմիցս ներկայացուած են գերմանական թատրոններուն մէջ: Բեմական այդ պատշաճեցումները ոգեշնչած են կնոջ եւ տղամարդու միջեւ յարաբերութիւններու ժամանակակիցներու հոգեբանական մեկնաբանութիւնը: Ինչպէս նաեւ կը վերլուծէր ձկնորսին բնաւորութիւնը, քանի որ ամուսինը բառացիօրէն կը կատարէր կնոջ ցանկութիւնները եւ կը խուսափէր վերջինիս հետ բանավիճելէ ետք, անոր փոխարէն, որպէսզի փորձէ դիմել անոր ներքին կարիքներուն եւ հիմքերուն, ան կ'անտեսէ իր կողակիցը: Անիկա միայն կ'ուժեղացնէ կնոջ ներքին անհանգստութիւնը, դժգոհութիւնը եւ ծայրահեղութիւնը[2]:
Կունթըր Կրաս (Günter Grass)ի համար հեքիաթը հիմք կը հանդիսանայ անոր «Տափակաձուկ» վէպին համար (1977), ուր ֆեմինիզմի մեղաւորութիւնը կը դիտարկուի քարէ դարու քանի մը դրուագներու մէջ, անցնելով ռոմանթիզմէն մինչեւ մեր օրերը: Հանս Էլլուշեք (Hans jellouschek) կը հրատարակէ գիրքի իր տարբերակը՝ «Wie man besser mit den Wünschen seiner Frau umgeht. Das Märchen vom Fischer und seiner Frau» («Ինչպէս լաւ իրականացնել կնոջդ փափաքները: Հեքիաթ ձկնորսին եւ իր կնոջ մասին»):
Նիւթին տարբերակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրիմ եղբայրներուն նիւթին վրայ հիմնուած Ալեքսանտր Փուշքինի «Ձկնորսին եւ ձկան մասին» հեքիաթը, ուր տափակ ձկան կերպարը կը փոխարինուի ոսկեայ ձկնիկին կերպարով: Հոն կնոջ ցանկութիւնները կը սկսին «կոտրած տախտակի» վերանորոգմամբ եւ կը վերջանայ՝ «ծովու տիրուհի» դառնալու ցանկութեամբ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Otto Gross: Zum Solidaritätsproblem im Klassenkampf
- ↑ Theaterderdaemmerung
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պատկերազարդումներ, տարբերակի թեքսթը եւ հեքիաթին մեկնաբանումը SurLaLuneFairyTales.com Archived 2017-06-06 at the Wayback Machine.