Հրանդ Ստեփանեան

Հրանդ Ստեփանեան
Ծնած է 20 Մարտ 1918(1918-03-20)
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ
Մահացած է 23 Յունիս 1980(1980-06-23) (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Կրթութիւն Փանոս Թէրլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան
Լատվիայի գեղարվեստի ակադեմիա?
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Hrant Stepanyan Ուիքիպահեստում

Հրանդ Ստեփանեան (20 Մարտ 1918(1918-03-20), Գիւմրի, Երեւանի նահանգ - 23 Յունիս 1980(1980-06-23), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գեղանկարիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ալեքսանդրապոլ։ 1937 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարդ գիտարուեստական դպրոցը, 1946 թուականին՝ Ռիկայի գեղարուեստի ակադեմիան։ Ուսանողական տարիներէն ընտրած է իրապաշտութիւնը։

1939 թուականին Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի 1000-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին նկարիչին կտաւը՝ «Հայերի գաղթը» արժանաած է բարձր գնահատականի։

Կարճ ժամանակուան մէջ ան կը հասնի գոյներու հնչողութեան, թափանցիկութեան, համատարած արտացոլումներու կիրառման, բնութենէն ստացած տպաւորութիւնները կը դառնան անմիջական ու անկեղծ, տարածութիւնները օդառատ, մարդկային կերպարները դիպուկ, սուր, ներքին խորութեամբ հարուստ։

Հաւատարիմ մնալով եւ հայ ազգային արուեստի եւ համաշխարհային դասական արուեստի իրապաշտութեան սկզբունքներուն, ան ելակէտ կ՛ընդունի իրական առօրեայ կեանքն իր անսահմանափակ բազմազանութեամբ, նիւթապաշտօրէն իրականութեան ընկալումը աներ մէջ կը գտնէ գեղանկարչական անսպառ գեղեցկութիւններ եւ իր արուեստով կը հաստատէ «Գեղեցիկը կեանքն է» սկզբունքը։

Աշխատանքները կը գտնուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, Մոսկուայի Թրեթեակովեան պատկերասրահը, Երեւանի պատմութեան թանգարանը, Չարենցի անուան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանը, Հայրենական պատերազմի թանգարանը, ՀՀ Ազգային Ժողովը, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը, Վանաձորի պատկերասրահը, Ջերմուկ քաղաքի թանգարանը, Ստեփանաւան քաղաքի Ստեփան Շահումեանի տուն թանգարանը, արտասահմանեան բազմաթիւ երկրներու ցուցասրահները եւ անհատական հաւաքածուներու մէջ[1][2]։

Ցուցահանդեսներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1973 թուականին ունեցած է առաջին անհատական ցուցահանդէսը[3]։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հրանդ Ստեփանեանի կենսագրականը
  2. Հրանդ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները ՀԱՊ-ում
  3. Հրանդ Ստեփանեանի կենսագրութիւնը AV Production կայքէջ[permanent dead link]