Հրանդ Արսլանեան

Հրանդ Արսլանեան
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Կրթութիւն Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ռազմական ծառայութիւն Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր

Հրանդ Արսլանեան Մքայէլի (1886, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրանդ Արսլանեան ծնած է 1886 թուականին, Խարբերդի նահանգի Խարբերդի գաւառի Մեզիրէ քաղաքին մէջ՝ կաթոլիկ ծնողներու բազմանդամ ընտանիքի մէջ։ Բժիշկներ Զարեհ Պօղոս, Արտաշէս ու Լեւոն Արսլանեաններու եղբայրն է։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է Մեզիրէի հայ կաթոլիկներու ծխական դպրոցին մէջ։ 1911 թուականին երկրորդական կրթութիւնն ստացած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միաբաններու գոլէճին մէջ։ 1911 թուականի աշնան, եղբօր՝ Ռուբէնի հետ մեկնած է Պէյ­րութ եւ ընդունուած՝ Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական ֆակուլտետը, ուր Ռուբէնն արդէն մէկ տարի կ՛ուսանէր։ 1914 թուականի ամրան, երբ դեռ չէր սկսած Առաջին համաշխարհային պատերազմը, այցելած էր Մեզիրէ, տեսնելու ծնողներուն, մինչդեռ Ռուբէնը աւագ եղբօր՝ հալէպաբնակ բժիշկ Զարեհ Պօղոս Արսլանեանի տունն մնացած էր։ 1914 թուականի աշնան զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ զինուորական բժիշկի օգնական ծառայելու, ուղարկուած՝ Կարնոյ ռազմաճակատը։ Բանակին մէջ վարակուած եւ հիւանդացած է ժանտախտով։ Ապաքինման համար արձակուրդ առնելով գացած է Տրապիզոն բնակող եղբօր՝ բժիշկ Լեւոն Արսլանեանի քով։

1915 թուականի Յունիսին-Յուլիսին, եղբօր՝ Լեւոնի հետ կառքով ուղեւորուած է Կարին, ուր Լեւոնը զինուորական հիւանդանոցի բժիշկ պիտի աշխատէր։ Կիւմիւշխանէ հասնելուն պէս, Օսմանեան բանակի զինուրները՝ Տրապիզոնի առողջապահական տնօրէն, բժիշկ Ալի Սայիպի հրամանով երկու եղբայրներուն՝ 29 տարեկան Հրանդին, Լեւոնին եւ միւս ճամփորդներուն ախոռ մը տարած եւ սուրով սպանած են։ Ականատես զինուորներէն մէկը, որ ազգութեամբ յոյն էր, գիշերը գաղտնօրէն բժիշկ եղբայրները տարած ու թաղած է փոսի մը մէջ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումյան Արփինե (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանության զոհերու (1915 - 1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։