Հրայր Բազէ Խաչրեան
Հրայր Բազէ Խաչրեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 23 Ապրիլ 1962 (62 տարեկան) կամ 1961 |
Ծննդավայր |
Լիբանան Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Քանատա |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ, արուեստագէտ |
Աշխատավայր | Հորիզոն |
Հրայր Բազէ Խաչերեան (23 Ապրիլ 1962 կամ 1961, Լիբանան
Պէյրութ, Լիբանան), «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից լուսանկարիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1961–ի: Մեծ հայրը ծնունդով Զէյթունցի փրկուած է ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Պէյրութ1984–ին գաղթած է Լիբանանէն եւ հաստատուած է Քանատա։
Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992–ին եւ ականատես եղած՝ յանուն անկախութեան արցախահայութեան մղած հերոսական պայքարին։
1993–ին, նախքան Արցախէն մեկնիլը, Հրայրը վստահեցուցած է իր ընկերներուն, որ շուտով պիտի վերադառնայ Ղարաբաղ իր աշխատանքը շարունակելու համար։ Բայց Գանատա վերադառնալէն ետք բժիշկները քաղցկեղ կը յայտնաբերեն անոր թոքերուն մէջ…։ Հակառակ մասնագէտներու հաւաստիացումին որ Հրայր միայն տասը օրուան կեանք ունի, ան, խաչին վրայ ըրած իր ուխտով գօտեպնդուած, կը խոստանայ Աստուծոյ, առողջանալու պարագային, իր ամբողջ կեանքը նուիրել աշխարացրիւ հայ եկեղեցիները լուսանկարելու աշխատանքին։
Խաչերեան պայքարած է անողոք հիւանդութեան դէմ եւ յաղթահարած զայն, զարմանք պատճառելով բժիշկներուն։
Հաւատարիմ իր ըրած ուխտին, հայրենասէր արուեստագէտը բացի պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն՝ շրջած է աւելի քան 40 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Աւստրալիա եւ լուսանկարած հայ եկեղեցիները։
Հրատարակչական Աշխատութիւններ՝ հայ եկեղեցիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան հրատարակած է աւելի քան 12 պատկերագիրքեր, որոնցմէ կարելի է յիշել «Արցախ` լուսանկարչական ուղեւորութիւն» «Artsakh: A Photographic Journey» (1997), «40 մերկ մարմին» (2001), «Ղարաբաղ 100 լուսանկար» «Karabagh: 100 Photos for the Independence» (2002), «Երկիր» «Yergir» (2005), «Հայկական զարդանախշային արուեստը» Արմէն Քիւքճեանի համահեղինակութեամբ «Armenian Ornamental Art with Armen Kyurkchyan» (2010), «Հայկական զարդատառ» «Armenian Ornamental Script» (2012), «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» «One Church, One Nation» (2013)։
Իր լուսանկարները լոյս տեսած են բազմաթիւ թերթերու, գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ[1]։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած պատկերագիրք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«100-1915-2015»-խորագիրն է Հայոց ցեղասպանութեան 100–ամեակին նուիրուած՝ աւելի քան 500 մեծադիր էջերէ բաղկացած գիրքը, որ ձօնուած է հեղինակին մեծ ծնողներուն՝ Պետրոս Պապեան Պապիքեանին, Կիւլիզար Չոլաքեանին, Ներսէս Խաչերեանին եւ Սուլթան Մամիկոնեանին, առաջին անգամ հրատարակուած է Հրայր Բազէ Խաչերեանի անձնական միջոցներով։ Երկրորդ հրատարակութիւնը հովանաւորած են Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեանները:
«100-1915-2015» կոթողային գրքին ներածականը գրած է Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի անդամ, մաթեմաթիկոս եւ պատմաբան Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը:
«100-1915-2015» գիրքին մէջ համախմբուած են վերջին 17 տարիներուն ի ափիւռս աշխարհի Հրայր Բազէ Խաչերեանի առած լուսանկարները, որոնք նուիրուած են մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, բերդերուն, ամրոցներուն, դրամներուն, ասեղնագործործութեան, եկեղեցական զգեստներուն, գորգերուն, արծաթագործ եւ ոսկերիչ հայ վարպետներու արուեստի գործերուն, որմնանկարներուն, քանդակներուն, ձեռագրերուն, խաչքարերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն եւայլն, եւայլն։
Գիրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներու մասին տրուած են հարկ եղած տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները՝ անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Հեղինակ՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան գիրքի կողքին վրայ լատինատառ տպագրութեամբ դրած է ստորեւ նշուած տեղանունները, ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ իր այցելած վայրերուն վրայ. ADANA. VAN. SIS. TOKAT. MALATYA. ANI. KUTAHYA. AGN. MOUSH. PALU. KARS. ARDAHAN. SASOUN. KHIZAN. ERZURUM. TRABIZON. SIVAS. ARARAT. KAYSERLI. TOMARZA. BITLIS. AINTAB. MARASH. KHARPERT. OLTU. URFA. ZAYTOUN.
«Այս աշխատութեան մէջ հաւաքած եմ այդ ամէնը, ինչին ականատես եղայ աւելի քան 30 ճամբորդութիւններուս ընթացքին. քաղաքներ, գիւղեր, վանական համալիրներ, բնակավայերեր, կենցաղային իրեր, հմուտ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած տարբեր իրեր, բազմազան ոճի եւ գոյնի ձեռագործ ծածկոցներ եւ այն ամէն ինչը որ զիս հետաքրքրեց եւ ուզեցի բաժնել հանրութեան հետ։ 20-րդ դարու առաջին եւ մարդկութիւնը միշտ ամօթով պահող Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ անց՝ մենք դեռ ցիր ու ցան ենք եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք մեր երկրի կարօտով։ Հրայ Բազէ կ՛ըսէ.[2] - Հրայր Բազէ Խաչերեան
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ««100 » Հրայր Բազէի Լուսանկարչական Գիրքի Շնորհահանդէս»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-09-18։ արտագրուած է՝ 2022-01-14
- ↑ Հրայրի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «100-1915-2015» գիրքը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բազէ Հրայրի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «100-1915-2015» գիրքը
- «100-1915-2015»…ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷ
- «Բազէ» Խաչերեան Իր Հատորը Պիտի Ներկայացնէ «Արարատ Էսքիճեան» Թանգարանին Եւ Կլենտէյլի Մէջ[permanent dead link]
- Բազէի նոր ալբոմի ներկայացումը՝ Նիւ Եորքում Archived 2019-05-04 at the Wayback Machine.
- Հրայր Բազէ Խաչերեան Լուսանկարիչ, Հեղինակ