Jump to content

Քլոտ Մութաֆեան

(Վերայղուած է Քլոտ Արմէն Մութաֆեան-էն)
Քլոտ Մութաֆեան
ֆրանսերէն՝ Claude Mutafian
Ծնած է 27 Յուլիս 1942(1942-07-27)[1] (82 տարեկան)
Ծննդավայր Կլամար
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Փարիզի Սորպոնի համալսարան
Բարձրագույն նորմալ դպրոց?[2][3]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հանրահաշվական հավասարումներ և Գալուայի տեսություն?, Atlas historique de l'Arménie?, La Cilicie au carrefour des empires? եւ La Saga des Arméniens de l'Ararat aux Carpates?
Մասնագիտութիւն պատմաբան, հայագէտ, թուաբանագէտ, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Université Sorbonne Paris Nord?
Փարիզի հարավային համալսարան?
Փրինսթընի Համալսարան
Հավանայի համալսարան?
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[4]
Ծնողներ հայր՝ Զարեհ Մութաֆեան

Քլոտ Արմէն Մութաֆեան (27 Յուլիս 1942(1942-07-27)[1], Կլամար), ֆրանսահայ, Փարիզի Սորպոն աշխարհահռչակ համալսարանի դասախօս եւ անուանի հայագէտ-գիտնական, Հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ դոկտոր, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսոր: Հայ մաթեմաթիքոս, մտա­ւո­րա­կան, հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ

Քլոտ Արմէն Մութաֆեան որդին է նկարիչ հօր՝ Զարեհ Մութաֆեանին: Փարիզ ծնած, Ֆրանսայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու համալսարաններու մէջ 40 տարի ուսողութիւն դասաւանդած գիտնական մըն է: Ան նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ունի պատմութեան նկատմամբ:

Ան 60 տարեկանին ստացած է պատմութեան ճիւղին մէջ իր դոկտորայի վկայականը՝ իբրեւ աւարտաճառ ունենալով Հայկական Կիլիկիան:

Քլոտ Մութաֆեանի դասախօսութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

22 Յուլիս 2014-ին «Կիլիկեան Հայաստան. Պետական արտագաղթ մը» նիւթը: Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (Ֆորում) Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ձեւաւորման, զարգացման եւ անկման պատմութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ԺԳ եւ ԺԴ դարերու ընթացքին յառաջացած արտագաղթի մասին:

7 Ապրիլ 2017-ին դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան իր նկարիչ հօր՝ Զարեհ Մութաֆեանի, նուիրուած վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջGlendale CA։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Յունաստանի որբանոցներէն Իտալիա հասած, նկարչութիւն սորված եւ շրջան մըն ալ Զուիցերիա ապրելէ ետք Ֆրանսա հաստատուած Զարեհ Մութաֆեանի (1907-1980) կեանքն ու գործը։

6 Ապրիլ 2017-ին Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Արցախի տագնապի արմատներուն մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Ազրպէյճանի պետական մակարդակով տարուող ապատեղեկատուական արշաւին՝ գիտական փաստերով դէմ դնելու կարեւորութեան վրայ։ Դասախօսական ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Գալիֆորնիոյ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անահիս Պուլղուրճեան» սրահին մէջ:

«Հայ-­ֆրանսական յարաբերութիւնները դարերու ընթացին» խորագիրը կրող դասախօսութեան

Հայ­-ֆրասնական յարաբերութիւնները շատ հին են, սակայն իսկական հիմնական թափը անոնք առին Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ»,­ ըսած է
- Քլոտ­-Արմէն Մութաֆեան


դեռ հինգերորդ դարուն հայ քարոզիչ մը հասած է Ֆրանսայի հարաւային հատուած, ուր ան տեղացիներու կողմէն մինչ օրս կը պաշտուի իբրեւ Սուրբ Գրիգոր` ֆրանսական սուրբերէն մէկը: Իսկ Ֆրասայի մէջ ամենահին, Օրլէան քաղաքի մօտակայքը գտնուող եկեղեցիներէն մէկուն հին հատուածը, ըստ նաեւ ոչ հայ տեսաբաններու, ունի տիպիկ հայկական եկեղեցիի ճարտարապետութիւն, ինչպէս նաեւ 9­-րդ դարէն պահպանուած նիւթերու շարքին առկայ է լատինատառ գրուած հայկական այբուբենը:
- Քլոտ­-Արմէն Մութաֆեան


23 Մայիս 2016-ին «Հայկական Աւատները Յորդանանի Մէջ (ԺԲ.-ԺԴ. դարեր)» զեկոյցով, Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան ընդգծեց որ Երուսաղէմի Ս. Թորոս Գրադարանին մէջ 1319-ին Դրազարկ (Կիլիկիա) ընդօրինակուած ձեռագիր մը կայ, որ 1329-ին նուիրուած է Քարաքի հայկական եկեղեցիին՝ Լեւոն Դ. Թագաւորին կողմէ:

Հրատարակչական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քլոտ Մութաֆեան միշտ յատուկ սէր ունեցած է պատմութեան նկատմամբ եւ անկէ մղուած՝ ուսումնասիրած ու հրատարակած է Հայաստանի նուիրուած շարք մը հատորներ «Արցախ` հայ մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պարտէզ» գիրքի հեղինակներ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան եւ Տիգրան Գույումճեան:

Ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կազմակերպած է ցուցահանդէսներ՝ «Սորպոն» համալսարանի, Վատիկանի եւ զանազան այլ սրահներու մէջ։ Ան մասնագիտացած է յատկապէս միջնադարեան պատմութեան մէջ :

12 Հոկտեմբեր 2013-ին Փարիզի մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալը յանձնեց «Արցախ` հայ մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պարտէզ» գիրքի հեղինակներ Քլոտ Մութաֆեանին եւ Տիգրան Գույումճեանին` կարեւոր նկատելով աշխատութեան նշանակութիւնը գիտական եւ մշակութային առումներով:

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քլոտ Արմէն Մութաֆեան ՀՀ Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է:

  1. 1,0 1,1 Babelio — 2007.
  2. 2,0 2,1 http://www.acam-france.org/
  3. Bibliothèque nationale de France Record #119173028 // BnF catalogue généralParis: BnF.
  4. (unspecified title)