Հռիփ Կանանեան
Հռիփ Կանանեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Քաղաքացիութիւն | Սուրիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Կարողութիւն | Կրթական մշակ, Խաչուհի, հասարակական գործիչ |
Աշխատավայր | ատենապետուհի |
Ամուսին | Գէորգ Կանանեան |
Երեխաներ | Նարեկ եւ Շանթ |
Հռիփ Կանանեան Կրթական մշակ, Խաչուհի, Քարտուղար, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի: Հասարակական գործիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռիփ Կանանեան ծնած է Հալէպ: Ան սկզբնապէս յաճախած է տեղւոյն Ուսումնասիրաց վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, իր ուսումը շարունակածէ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին մէջ:
1962-ին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ 10 տարի դասաւանդած յատկապէս հայերէն Ազգային Սահակեան վարժարանէն ներս:
1972-ին վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ կը հրաւիրուի ստանձնելու նոյն վարժարանի մանկապարտիզպանուհի պաշտօնը, զօր մինչեւ 1987 կը վարէ բծախնդրութեամբ եւ մեծ պատասխանատուոթեամբ:
Երիտասարդութեան սեմին 15 տարիներ շարունակ ստանձնած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան քարտուղարութիւնը:
1965-ին անդամակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան ՀՕՄ եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ ապա Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն
Հաւատալով կամաւոր ծառայութեան իր բաժինը բերած է գաղութիս կրթական, ազգայի եւ դաստիարակչական մարզին:
1974-ին Համազգայինէն ներս ստանձնած է վարչական պաշտօն եւ նոյն տարին ամուսնացած Գէորգ Կանանեանին հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ Նարեկ եւ Շանթ:
Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ, Անդամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1983-ին ընկհ. Հռիփ Կանանեան ընտրուած է Ս.Օ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ստանձնած ատենադպրուհիի պաշտօնը, իսկ 1987-ին՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ապա երկար տարիներ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի. միջանկեալ, կանոնագրային կերպով դադրած է եւ աշխատած գոյգ միութիւններու յանձնախումբերէն ներս:
1987-ին ընտրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ յաջորդական երկար տարիներ վարած ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 2010 թուական:
Համազգայինի Սուրիոյ 18րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Օգոստոս 2009-ին:Հռիփ Կանանեան ընտրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան նորընտիր անձնակազմին մէջ:
2010-ին եղած է Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան մէջ:
2011-2015 տարիներուն եղած է Հալէպի Ազգային Պատսպարանի ատենապետ:
2015-2019 Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ:
ընկհ. Հռիփ Կանանեան Մասնակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան տարբեր շրջաններէ ներս կազմակերպուած Համահայկական Պատգամաւորական ժողովներուն: Բարձր աստիճանի նուիրումով ծառայած է հայ մշակութային արժէքներու զարգացման ու տարածման, իր կեանքի առաւելագոյն բաժինը նուիրելով հասարակական գործունէութեան: Իր ընտանիքին չափ սիրած է հասարակական գործունէութիւնը, ձգտելով լաւագոյնին եւ ազգային նուիրումի օրինակ հանդիսացած իր գործակիցներուն:
Պարգեւատրում - Շքանշան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2000 թուականին ընկհ. Հռիփ Կանանեան պարգեւատրուած է Ս.Օ. Խաչի «Կանթեղ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր տարած մարդասիրական եւ բարեսիրական աշխատանքներուն:
Իր յարատեւ ճիգերով եւ մեծ խանդավառութեամբ զինուած, յաջողած է արդարացնել իրեն վստահուած պարտականութիւնները հաւաքական մեր կեանքէն ներս:
Եղած է իր շարքերը խանդավառող եւ գործի անկրկնելի օրինակ հանդիսացող կամաւոր խաչուհի մը եւ համազգայնական մը, որուն համար աշխատանքը կը բնորոշուի կատարելագործութեան ձգտումով, մերժելով մակերեսային մօտեցումները որեւէ աշխատանքի նկատմամբ:
Հակառակ իր ստանձնած բազմաթիւ ու բազմակողմանի պաշտօններուն Հռիփ Կանանեան եղած է համեստ ու կառչած մնացած անոնց պարտադրած պատասխանատուութեանց: Ընկհ. Հռիփ Կանանեան իր դրօշմը, հետքը դրած է իր կեանքի օրերուն եւ էջերուն վրայ, ինքնավստահ գործելով, նախանձախնդրութեամբ եւ գերագոյն նուիրուածութեամբ:
Համահայկական Պատգամաւորական ժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռիփ Կանանեան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Հռիփ Կանանեան 2015 Հոկտեմբերի 4-9-ը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցի նաեւ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, որ յատուկ Հալէպէն մեկնեցաւ դէպի Հայաստան: Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ՝ ընկհ. Հռիփ Կանանեան: Այս մասին կը յայտնէ Perio news-ը:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Նայիրեան Մշակոյթի Օր» Սուրիոյ Մէջ
- ՍՈՒՐԻՈՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ[permanent dead link]