Հորիզոն (թերթ, Մոնրէալ)
Հորիզոն, հասարակական-քաղաքական, մշակութային շաբաթաթերթ։ Հ.Յ.Դ. Գանատայի շրջանի պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1979 թուականէն, Մոնրէալի մէջ, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն։
Կ'անդրադառնայ սփիւռքի եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցերուն, հրատապ ու բազմաբնոյթ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հայ համայնքներու մասին, մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Ունի գրական յաւելուած։
45 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն»ի խմբագիրները եղած ե՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Կիրօ Մանոյեան եւ մինչեւ օրս՝ Վահագն Գարագաշեան:
«“Հորիզոն”ը 45 տարիներուն ընթացքին գանատահայութեան տեղեկութիւններու լրագրական կենսական աղբիւրը հանդիսացաւ, իր էջերուն մէջ տեղադրելով անոնց առօրեայ կեանքը իր զանազան երեսներով. անիկա ներկայացուց գաղութին Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներն ու յաջողութիւնները եւ զանազան առիթներու իր յաւելուածներով դարձաւ միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն, եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն արխիւներու շտեմարանը։ Իր էջերուն մէջ ներկայացուցած գանատահայութեան առօրեան կարեւոր աղբիւր դարձաւ Գանատա-Հայաստան բազմակողմանի յարաբերութիւններն ու Գանատայի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն համար»[1]։
«“Հորիզոն”ի 45-ամեայ աշխատանքին ընթացքին մենք վաւերագիրը եղած ենք մեր գաղութներու պատմութեան։ Իսկ մեր Հայաստան շրջապտոյտներով ամրացած է Հայաստան-Արցախ-Գանատա փոխ յարաբերութիւնները» Վահագն Գարագաշեան[2]
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Գեմպրիճի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթեր»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-10-09։ արտագրուած է՝ 2024-12-16
- ↑ «Գեմպրիճի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթեր»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-10-09։ արտագրուած է՝ 2024-12-16