Jump to content

Հովիտ (հանդէս)

«Հովիտ», գրական, հասարակական եւ քաղաքական շաբաթական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1906-1917-ին (1906-1910-ին՝ «Հովիւ» անուամբ), Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Ե. Երզնկեան, Յ. Յովսէփեան (1910 թթ-ին)։ Մեծ տեղ յատկացուցած է հայերէնին, հայ եկեղեցիին, կրթութեան ու մանկավարժութեան։ Ձգտած է ընտանիք-դպրոց կապի ամրապնդման։ Անդրադարձած է արեւմտահայութեան վիճակին, բողոքած հայկական կոտորածներու դէմ Թուրքիոյ մէջ։ Քննադատած է դաշնակցութեան, մեղադրած անոր երիտթուրքերու հետ գործակցելու համար։ Ունեցած է հարուստ գրական-բանասիրական բաժին։ Տպագրած է Ե. Գեղամեանի՝ «Մշակ» թերթի 40-ամեայ ուղիի եւ Գ. Արծրունիի գործունէութեան մասին, «Իսրայէլ Օրին եւ իր քաղաքական ծրագիրը», «Հայերի ազատագրական շարժումները ԺԸ դարում» ուսումնասիրութիւնները, Պեսսիմիստ-ի (Գ. Տեր-Ղազարեան) «Նախնական կուլտուրայի պատմութիւն», Յ. Յովհաննիսեանի պոեզիային նուիրուած գործերը, Ա. Ալպոյաճեանի յօդուածաշարը հայ տպագրութեան 400-ամեայ պատմութեան վերաբերեալ, պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, դրամատիկական գործեր եւ այլն։ Անդրադարձած է Թիֆլիսի ժողովրդական տան գործունէութեան, Հաւլաբարի թատրոնի ներկայացումներուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։